2013-12-11 10:30:07

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


RealAudioMP3 Վստահութիւն եւ սէր
Սէրը բնական հետեւութիւնն է Վստահութեան: Ասիկա կը ճշմարտուի այն ատեն մանաւանդ, երբ շահուած վստահութիւնը կ՛իրագործուի կամ կը գործէ, իր ամբողջական զօրութեամբ: Արդարեւ, հոն՝ ուր վստահութիւն կայ, այնտեղէն չի՛ կրնար բացակայիլ սէրը: Ան որ կը վստահի տուեալ անձին, բնականաբար որոշ աստիճանի սէր կը տածէ անոր նկատմամբ, եւ որ կրնայ ժամանակի ընթացքին աճիլ, բազմապատկուիլ ու հասնիլ իր բարձրագոյն աստիճանին, կամ կատարելութեան՝ անվերապահ սիրոյ: Արդ մեծապէս կարեւոր է վստահութեան երեւոյթը փոխյարաբերական կեանքի ընթացքին: Շահուած վստահութեամբ ցարդ բազմաթիւ դրական աշխատանքներ իրագործուած են, ի նպաստ մարդկային ընկերութեան: Վստահութեան շնորհիւ համակարգուած են բազմաթիւ գործունէութիւններ, ծրագրուած են յառաջիկայ տասնամեակներու, կամ գալիք ժամանակաշրջանի ուղեգիծներ, որոնք դարձեալ վստահութիւնը ունենալով իբրեւ միակ երաշխիք, սկսած են գործադրել որոշուած ծրագիրները:
Ընկերային կեանքի մէջ, փոխադարձ անվստահութիւնը, կամ փոխադարձ կասկածամտութիւնը կը տանի անդամալուծութեան. բնականօրէն հաճելի եւ ուրախալի չէ՛ ընկերային կեանքին ծուլացումը, գործունէութեան պակասը, որ շուտով իր ետեւէն կը բերէ միջակութիւններ, մարդկային խեղճութիւններ, որոնց ձեռքով կը գործուին թերի ու անաւարտ աշխատանքներ, ի յայտ կու գան անորակ ու անարժէք կեղծ չափանիշներ, որոնց բնաւ պիտի չյաջողուի արժէք դառնալ, հակառակ իրենց կողմէ թափուած անդուլ ճիգերուն: Վստահութեան անմիջական հետեւութիւնը սէրն է: Այսպէս կարելի չէ՞ բացատրել ամուսնական կեանքի ամէնէն նուիրական երեւոյթը՝ սէրը, որուն ծնուցիչը փոխադարձ այն վստահութիւնն է, որ սկիզբէն իսկ փարատած կ՛ըլլայ ամէն կասկած: Սէրը այն երդիքն է, որ կը ծածկէ ամուսնական կեանքին տունը, զայն պաշտպանելով օտարոտի փոշիէն կամ տեղացող անձրեւներէն: Փոխաբերական իմաստով առած, բազմաթիւ տեսակի անձրեւներ կրնան տեղալ մեր կեանքի տան վրայ: Սակայն երբ անոնցմէ պաշտպանող երդիքը՝ ՜՜սէ՛րը՝՝ ունի մեր տունը, ինչքան ալ տեղան անոնք, միայն հաճելի նուագ կը դառնան մեր գլխուն վերեւ, ու սահելով կը թափին գետին, եւ հեղեղին հետ արագավազ կը հասնին ծով, ու կը լեցուին այնտեղ:
Իսկ այն պահուն երբ կասկածը բոյն կը դնէ ամուսնացած զոյգի կեանքին մէջ, վստահութիւնը խոյս կու տայ անկէ, ու անվստահութեան բացակայութենէն խրտչող առաջին երեւոյթը կ՝ըլլայ ՜՜սէրը՝՝ որ վստահութեան հեռացումէն իսկ առաջ մեծ ոստումներով կը հեռանայ անոնց կեանքէն: Վստահութեան կորուստին առաջին ու հիմնական պատճառը, նախանձն է: Նախանձոտ մարդիկ չեն կրնար վստահութիւն ներշնչել, շահիլ, կամ իրագործել՝ դրական աշխատանքի մղելով զանիկա:
Վա՜յ այն տան, որուն մէջ փոխադարձ վստահութիւնը ամուր հիմերու վրայ դրուած չէ: Որովհետեւ անոր խախտելուն հետ միատեղ, տան երդիքը՝ սէրը պիտի փուլ գայ, ու լեռներէն ահեղավազ հոսող անձրեւն ու հողը, ցեխով պիտի լեցնեն այն տունը, ուր քիչ առաջ տակաւին կը թագաւորէր համերաշխութիւնը՝ խաղաղութեամբ երաշխաւորուած:
Վստահութեան վերջնական հեռացման ու կորուստին պատճառ հանդիսացող երկրորդ գլխաւոր առիթը անհաւատարմութիւնն է, որուն առաջնորդութեամբ սէրը ոչնչացնող մեղքը կը սպրդի որեւէ յարկէ ներս: Անհաւատարմութեան զոհ գացած անթիւ ու անհամար անձերուն փորձառութիւնը բաւարար չէ՛ եղած ցարդ, ուսանելի օրինակ տալու մարդկութեան, չ՛իյնալու դաւադրութեան այն թակարդին մէջ, որուն տրուած մէկ այլ անունն է անհաւատարմութիւնը, որ պատճառ դարձած է ամէնէն երջանիկ համարուած ընտանիքներուն քայքայման: Երրորդ եւ վերջին պատճառը վստահութեան ու սիրոյ հեռացման, զայն վայելող անձին անարժանութիւնն է: Վստահութեան ու սիրոյ արժանանալու համար, անձը պէտք է անպայման ունենայ համապատասխան արժանիք: Այլապէս երկար ճանապարհ չի՛ կրնար կտրել անոր հետ, որ իրեն ընծայած է այդ երկուքը՝ իր ամբողջական վստահութիւնը, որուն անմիջական հետեւութիւնն է իր անվերապահ սէրը: Վստահութեան ու սիրոյ այս երանական միասնութիւնը ու մէկ ամբողջութիւնը լիարժէք վայելելու միջոցներէն մէկն է՝ համապատասխան սիրտ սնուցանելը մեր ներսիդին, որ ամրօրէն պաշտպանուած ըլլայ նախանձի ու անհաւատարմութեան ախտերուն դէմ:
(Քաղուած՝ Գրիգոր Ծ Վրդ. Չիֆթճեանի խորհրդածութենէն)








All the contents on this site are copyrighted ©.