2013-12-11 14:50:15

''Թայմ'' ամսաթերթը Ֆրանչիսկոս Պապը ընտրեց որպէս ''Տարուայ Մարդ''։


Ամերիկեան հեղինակաւոր Թայմ ամսաթերթը, 2013-ին ''տարուայ մարդ'' ընտրած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։
Ասոր մասին արտայայտուելով, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, յայտնեց թէ ''Միջազգային լրագրողական ասպարէզի հեղինակաւոր այս ճանաչումը, դրական նշան մըն է, տրուած անձի մը որ աշխարհին կը հռչակէ հոգեւոր, կրօնական եւ բարոյական արժէքներ եւ ազդու կերպով կ՛արտայայտուի խաղաղութեան ու արդարութեան մասին''։
Հայր Լոմպարտին հուսկ յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապը չի ձգտիր համբաւի եւ յաջողութիւններու որովհետեւ Ան իր ծառայութիւնը կը մատուցէ բոլորին Աստուծոյ սիրոյ աւետարանը հռչակելով։
Եթէ շնորհուած ճանաչումը` մարդիկ կը հրապուրէ ու անոնց յոյս կը ներշնչէ ու կը նշանակէ թէ շատեր հասկցան Քահանայապետի պատգամը - ըսաւ Հայր Լոմպարտին - Քահանայապետը` ի հարկ է, ուրախ կը մնայ։









All the contents on this site are copyrighted ©.