2013-12-11 10:15:52

Եւրոպական Միութիւնը կը վերահաստատէ Հայաստանի մէջ բարեկարգումներուն աջակցելու պատրաստակամութիւնը


Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ վստահեցուց, որ Հայաստան կրնայ ակնկալել Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային բարեփոխումներու հարցին մէջ:
«Անշուշտ այս հանդիպման բովանդակութիւնը ուրիշ է եւ կը տարբերի նախորդէն` հաշուի առնելով Հայաստանի ստանձնած նոր միջազգային պարտաւորութիւնները, սակայն մէկ բան նոյնը մնացած է, եւ ես կ՛ուզէի ատիկա ընդգծել. մեր ցանկութիւնն է ունենալ սերտ յարաբերութիւններ եւ առաջ երթալ այն ամէնուն մէջ, որ ունինք: Եւ այս առումով մենք վերահաստատեցինք մեր յարաբերութիւններու հիմքը վերատեսութեան ենթարկելու եւ թարմացնելու անհրաժեշտութիւնը», նախանցեալ օր Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Եւրոպական Միութեան համագործակցութեան խորհուրդի նիստի աւարտին յայտարարեց Ֆիւլէ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած նիստին քննարկուեցան երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգը եւ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումները:
Անդրադառնալով Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերուն` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ Հայաստան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ այդ ընդհանուր արժէքներուն, որոնք կը կազմեն Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու հիմքը:
«Հիմնուելով վերջին տարիներուն միասին ձեռք բերած արդիւնքներուն եւ յառաջընթացին վրայ` մենք կը ցանկանք զարգացնել Եւրոպական Միութեան հետ գործընկերութիւնը բոլոր հաւանական մարզերուն մէջ, որոնք արտացոլուած են Վիլնիուսի վեհաժողովի` Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միացեալ յայտարարութեան մէջ, ինչպէս նաեւ բարձր ներկայացուցիչ Էշթընի հետ մեր փոխանակած նամակներուն մէջ», ըսաւ Նալբանդեան:
Նալբանդեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Հայաստան պիտի շարունակէ աշխատիլ ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման, դատական համակարգի կատարելագործման, մարդկային իրաւունքներուն եւ իրաւունքի գերակայութեան խթանման ու փտածութեան դէմ պայքարի ուղղութիւններով: Նախարարը աւելցուց, որ Եւրոպական միութեան շարունակական աջակցութիւնը կրնայ գործիք հանդիսանալ Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու հոլովոյթի արդիւնաւէտ իրականացման նպատակով:
Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահութիւնը ներկայացնող Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինքիավիչուս իր կարգին վստահեցուց, որ Հայաստան կրնայ յոյս դնել Եւրոպայի շարունակական աջակցութեան վրայ` քաղաքական եւ տնտեսական բարեփոխումները յառաջ տանելու հարցին մէջ: Ըստ անոր, առանձնայատուկ աջակցութիւնը պիտի տրամադրուի Արեւելեան գործընկերութեան քաղաքացիական յատակագիծին:
«Յոյս ունիմ, որ քաղաքացիական ազատութիւնները, որոնց շարքին հաւաքներ կազմակերպելու իրաւունքը, աւելի եւս պիտի ամրապնդուին: Մենք կոչ կ՛ուղղենք կառավարութեան երաշխաւորելու, որ պիտի չբանեցուին ճնշումներ քաղաքացիական գործիչներու եւ իրաւապաշտպաններու նկատմամբ: Կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի իշխանութիւններուն հետաքննելու դէպքերը եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու բոլոր մեղաւորները», յայտարարեց Ֆիւլէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.