2013-12-10 12:02:56

Սուրիոյ Ազգային Հաշտութեան» Յանձնախումբը կ’այցելէ Դամասկոսի Առաջնորդարան


Երկուշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2013-ին, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Խորհրդարանի «Սուրիոյ ազգային հաշտութեան» յանձնախումբի պատգամաւոր երեսփոխաններ, այցելեցին Դամասկոսի Ազգային Առաջնորդարան: Այս մասին կը հաղորդէ Դամասկոսի Ս. Սագիս եկեղեցւոյ դիմատերտի էջը:
Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հիւրերուն ընդունեց Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը: Երեսփոխանները հանդիպման ընթացքին յայտնեցին իրենց ցաւակցութիւնները 11 Նոյեմբերին, հրթիռի պայթումին պատճառով նահատակուած աշակերտներուն համար, խստօրէն դատապարտելով վայրագ ահաբեկչութիւնը: Տ. Արմաշ Սրբազան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց այս ազնիւ այցելութեան եւ կարեկցանքին համար: Այնուհետեւ ներկաները հաստատեցին Սուրիոյ մէջ ժողովուրդներու, կրօնքներու եւ մշակոյթներու համակեցութեան իրականութիւնը, զոր սուրիական ինքնութիւնն է:







All the contents on this site are copyrighted ©.