2013-12-10 12:04:10

Ռուսիա 44 Թոն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Լաթաքիա


Ռուսիոյ արտակարգ իրաւիրճակներու նախարարութիւնը մարդասիրական օգնութեան երկու օդանաւ ուղարկած է Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, վկայակոչելով արաբական լրատուամիջոցները, նախարարութեան մամուլի քարտուղար Իրինա Ռոսիուսը Դեկտեմբեր 10-ին տեղեկացուցած է, որ օդանաւը կը տեղափոխէ 44 թոն բեռ, որ կը ներառէ շարժական վրաններ, ծածկոցներ, սպասք, պահածոներ, դեղորայք եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ պարագաներ:
Վերջին քանի մը ամիսներուն Ռուսիա մարդասիրական օգնութիւն կ’ուղարկէ Սուրիա: Բացի ատկէ, մարդասիրական օգնութիւն տրամադրած են նաեւ Յորդանանի, Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ հաստատուած սուրիացի փախստականներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.