2013-12-10 10:46:10

Մոսկուա կը շարունակէ պնդել «Ժընեւ-2»-ին Իրանի մասնակցութեան անհրաժեշտութեան վրայ


«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով արաբական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Մոսկուա պիտի շարունակէ պնդել «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին Իրանի մասնակցութեան անհրաժեշտութեան վրայ:
Ըստ յայտարարութեան, շրջանին վրայ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր երկիրները, ներառեալ` Իրանը պէտք է մասնակցին խորհրդաժողովին:
Ռուսիոյ եւ Իրանի դիրքորոշումները Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման հարցին մէջ բաւական կը համընկնին: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այդ հարցը պիտի քննարկէ Իրանի հետ:
Սուրիոյ ընդդիմադիր եւ յեղափոխական ուժերու Ազգային համաձայնական մարմինի անդամ Ֆայիզ Սարա յայտարարած է, որ մարմինը պատրաստ է բանակցութիւններու սկսելու Իրանի հետ, պայմանաւ որ Իրան դադրի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին աջակցելէ: Բացի ատկէ, ան նաեւ նշած է, որ մարմինը Իրանի պիտի չարտօնէ խորհրդաժողովին մասնակցիլ, եթէ վերջինս սուրիական տարածքներէն չհեռացնէ իր ուժերը:
Յիշեցնենք, որ «Ժընեւ-2»-ը տեղի պիտի ունենայ 22 յունուար 2014-ին:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկու օրինակով նամակ մը ուղարկեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին եւ Ապահովութեան խորհուրդի նախագահին` յայտնելով, որ «սէուտական վարչակարգը» կը շարունակէ Սուրիոյ մէջ գտնուող ահաբեկչական կազմակերպութեանց աջակցիլ եւ Սուրիոյ մէջ ժխտական դերակատարութիւն ունենալ:
Նախարարութիւնը նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ ժխտական դերակատարութիւնը այլեւս Սուրիոյ մէջ զինեալ խմբաւորումներուն զէնքի մատակարարումով չի սահմանափակուիր, այլ կը ներառէ ֆինանսաւորում, գումակային օժանդակութիւն եւ «ծայրայեղական ահաբեկիչներու զինուորագրում»:
Մինչ այդ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը Քալամուն շրջանին մէջ Նապաք քաղաքը առած է իր վերահսկողութեան տակ:
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը հետզհետէ կ՛ուղղուի Սուրիոյ մէջ ծայրայեղական խմբաւորումներուն դէմ առանց օդաչուի թռչող սարքեր օգտագործելու, որովհետեւ «անոնք Իսրայէլի եւ Եւրոպայի ապահովութեան կը սպառնան»` նշելով, որ ապահովական հարցերով սուրիական վարչակարգին հետ ամերիկեան մերձեցումի մը նախանշաններ գոյութիւն ունին, մինչ ՕԹԱՆ-ի ցամաքային ուժերու հրամանատար Ֆրետերիք պեն Հոտճ Թուրքիոյ մէջ քննարկած է Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.