2013-12-10 12:02:28

''Երբ Յիսուս մեզի մօտենայ, դռները կը բանայ եւ յոյս կը ներշնչէ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին մէջ։


''Մխիթարեցէք, մխիթարեցէք ժողովուրդս'', այս բառերով է որ Սրբազան Հայրը սկսաւ իր արտասանած քարոզը, երեքշաբթի 10 դեկտեմբերի առօրեայ պատարագի ընթացքին, ներշնչուելով Եսայի Մարգարէի գիրքի մէկ հատուածէն։
''Երբ Տէրը մեզի մօտենայ, յոյս կը ներշնչէ։Ան միշտ դռները կը բանայ։ Եւ Տիրոջ յոյսը Քրիստոնէական կեանքին համար իսկական ''դղեակ'' մըն է` պարգեւ մըն է, շնորհք է'' - ըսաւ Քահանայապետը ու շարունակեց - ''երբ Քրիստոնեայ մը յոյսը կը կորսնցնէ անոր կեանքը անիմաստ կը դառնայ։ Տէրը մեզի յոյս կը ներշնչէ - հաստատեց դարձեալ Քահանայապետը - ինչպէս Հովիւ մը որ կը հովուէ իր ոչխարները եւ իր բազուկներով զանոնք կը համախմբէ, գառնուկները իրեն սրտին կը մօտեցնէ եւ զանոնք կ՛առաջնորդէ իրենց մայրերուն մօտ. Ահա այս է Տիրոջ գորովը` մխիթարիչ գուրգուրանքը''։ Սրբազան Հայրը ապա դրուատեց Յիսուսի` աշակերտներու հանդէպ ցուցաբերած գուրգուրանքը ու քարոզը եզրափակեց հայցելով Տիրոջմէ որ '' պարգեւէ շնորհքը` չվախնալու Անոր մխիթարութենէն այլ հայցելու եւ փնտռելու զայն, որովհետեւ ան յոյս ներշնչող մխիթարութիւն մըն է որ մեզի կը յայտնէ Աստուծոյ սէրն ու գորովը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.