2013-12-10 10:32:02

Աստուծոյ ուրախութիւնը կը կայանայ ներողամտութեան մէջ


RealAudioMP3 Յիսուս խօսելու ժամանակ ներողամտութեան եւ մեղաւորներուն մասին կը նշէր յաճախ 3 նմանաւոր առակներ: Զաքէոսի, անառակ որդիի եւ Մարիամ Մագթաղենացիի: Այս առակներով Յիսուս կ'ուզէ ներկայացնել հանրութեան, մանաւանդ զինք քննադատողներուն եւ փարիսեցիներուն Հօր սիրտը հովիւի պատկերներուն մէջէն, կնոջ որ կը գտնէր կորսուած դրամը եւ անառակ որդիին հօր՝ որ իր զաւակը կը գտնէր ողջ առողջ:
Առաջին պատկերը մեզի մտածել կու տայ Հին Կտակարանի գրութիւններուն որոնք կը խօսին Տիրոջ մասին որպէս Իսրայէլի Հովիւ (Եզ 34, 4):
Աստուծոյ խոստումը իրականացաւ Յիսուսով:
Հին Կտակարանին մէջ, միշտ կ'երգուին Ժողովուրդի ուրախութիւնը : Հոս կը գտնենք Յիսուսի խօսքերուն իմաստը երբ շեշտը կը դնէ Հովիւի սրտին վրայ՝ միշտ պատրաստ ոչխարին փնտռելու հակառակ ամէն տեսակ հաշուի ու դժուարութեան: Ի՞նչ է արդեօք անոր զգացումը երբ կը գտնէ կորսուած ոչխարը : Ուրախութեամբ ուսերուն վրայ կը դնէ եւ իր բարեկամները կը հրաւիրէ՝ իրեն հետ բաժնելու այդ ուրախութիւնը, մանաւանդ, երբ այդ կորսուածը աւելի մեծ ուրախութիւն կը հասցնէ երկնքին մէջ:
Աստուած ուրախ է, Իր ուրախութիւնը մեզի համար մէծ բարիք մըն է. չզարմանանք երբ առաւ արարչագործութեան ճանապարհը եւ Յարութեան Խորհուրդը, պարզապէս մեզ գտնելու, ներելու մեզի իրեն վեռադարձնելու:
Կնոջ ուրախութիւնը՝ որ գտաւ իր դրամը, յստակ նշան մըն է Աստուծոյ սիրոյն: Իսկ երրորդ նկարը մեզի կը ցուցնէ թէ որքան յարգի ենք Աստուծոյ համար, որովհետեւ իր զաւակներն ենք:
Այս պատկերներուն մէջ կը տեսնենք Հօր սիրտը որպէս ուրախ եւ ողորմելի: Մենք ալ մեր կարգին, համապատասխանելու ենք իրեն մեր սիրոյ կեցուածքով, նախ եւ առաջ Աստուածային հաւատքը՝ սիրով ընդունելու, ուրիշը ընդունելու իր տկարութեան հանդերձ, եւ մանաւանդ, իր սիրտը սիրով եւ ներողամտութեամբ լեցնելու: Այս կեցուածքով եւ փորձութեամբ, կը խնդրուի մեզմէ՝ հաստատելու մեր մեղաւոր ըլլալու ճանաչումը:
Իւրաքանչիւրս, մեղաւոր մըն է որ ամէն օր պէտք ունի Քրիստոսի ներողամտութեան եւ Սիրոյ:
Padre Pioն կը հրաւիրէր ամէն օր իր եղբայրակիցները նոր գայլ մը ընելու «Աստուծոյ սիրոյն գործադրումին մէջ»:
Ամէնակարեւոր բանն է մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ, թէ ի՞նչ կ'ընենք Աստուծոյ եւ մարդոց ,եւ ոչ թէ՝ Աստուած ի՞նչ կ'ընէ մեզի:
Աստուած իմ, թող հաւատքիս փորձութիւնը ըլլայ մշտային սէր մը՝ որ ստանամ եւ փոխանձեմ ուրիշներուն որպէս ուրախութիւն եւ շնորհք. Ամէն:
Հայր Գէւորգ Ծ. Վրդ Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.