Քիեւի Բեսարապեան հրապարակին մէջ Լենինի արձանի կազմաքանդումը արտօնուած չէ եղած «Եւրոմայտան»-ի
կողմէ, ատիկա այլ մարդոց նախաձեռնութիւնը եղած է, յայտարարած է Պաթքիվշչինա խմբակցութեան
պատգամաւաոր Անտրէ Շեւչենքոն: Այս մասին կը հաղորդէ panorama.am-ը՝ վկայակչլով Ռիա Նովիսթին: Կիրակի
խումբ մը դիմակաւոր մարդիկ հեռացուցած էին Լենինի արձանը: Ոստիկանութիւնը յայտնած է,
որ անոնց ձեռքերուն Ազատութիւն ազգայնական կուսակցութեան դրօշներ եղած են: Ականատեսներու
խօսքով, բողոքողները արձանի գլուխը կապած են մետաղալարով, իսկ միւս ծայրը կապելով ծառին
պատուանդանէն իջեցուցած են յուշարձանը: Ասֆալտին դիպչելով` պոկոած է արձանին գլուխը եւ
ձեռքը: Այնուհետեւ ցուցարարները սկսած են յուշարձանը կոտրել մուրճերով: Ըստ աղբիւրին,
ասիկա Լենինի արձանը հեռացնելու առաջին փորձը չէ: Դեկտեմբերի սկիզբը ցուցարարները ներկած
էին յուշարձանը եւ փորձած էին հեռացնել զայն: Ի պատասխան՝ յատուկ ջոկատայինները շրջափակած
էին արձանը եւ ուժ կիրառած էին ցուցարարնրուն նկատմամբ: