2013-12-09 14:34:38

''Սուրբ Երկրի եւ Միջին Արեւելքի մէջ թող դադրին բաժանումներն ու թշնամութիւնները'' - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին մէջ, Պատրիարք Սիտրագի ներկայութեամբ։


Երկուշաբթի, 9 դեկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 7-ին, Տոմուս Սանդա Մարդայի Մատրան մէջ, Աղեքսանդրիոյ Ղպտի Կաթողիկէներու Պատրիարք` գերերջանիկ Իպրահիմ Իսահակ Սիտրագի հետ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանիչկսոս Քահանայապետը կոչ ուղղեց որպէսզի ''Սուրբ Երկրի եւ Միջին Արեւելքի մէջ վերջ գտնեն բաժանումներն ու թշնամութիւնները'', ու մօտիկութիւն յայտնեց բռնութիւններու թիրախ` Եգիպտոսի Քրիստոնեաներուն, նորոգելով կրօնի ազատութեան ի խնդիր կոչը` համայն Միջին Արեւելքին համար։

Տոմուս Սանդա Մարդայի մէջ, Հռոմի Եպիսկոպոսն ու Աղեքսանդրիոյ Պատրիարքը, միասնաբար աղօթեցին, եկեղեցական հաղորդութեամաբ, Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար։

Սրբազան Հայրը, ներշչուելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումներէն, ''սիրեցեալ Եգիպտոսի'' քրիստոնեաները քաջալերեց ըսելով.` ''Քաջութիւն մի վախնաք , ձեր յոյսը որ նաեւ մերն է, երբե՛ք թող չի պակսի'', որովհետեւ Քրիստոսը կը յաղթէ մարդկային ''անդամալուծուիթիւնը''։

Վստահութեամբ աղօթենք Սուրբ Երկրի եւ բոլոր Միջին Արեւելքի համար - շարունակեց Քահանայապետը - որպէսզի խաղաղութիւնը կարենայ վերահաստատուիլ, դադրին թշնամութիւններն ու բաժանումները եւ բոլորին ապահովուի կրօնի ազատութիւնը եւ քրիստոնեաներուն իրաւունքը` ապրելու իրենց ծննդավայրերուն մէջ, ուր 2 հազար տարիէ ի վեր կ՛ապրին որպէս քաղաքացիներ, սատարելով բոլորին զարգացումին եւ բարիքին։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկելով թէ Յիսուս եւս, իր ընտանիքին հետ միասին, գաղթականութեան փորձառութիւնը ապրեցաւ ''հիւրասէր երկիր'' Եգիպտոսի մէջ, հայցեց Տիրոջմէն որ ''հսկէ եգիպտացիներուն վրայ որ աշխարհի ճանապարհներու վրայ կը փնտռեն ապահովութիւն եւ արժանաւորութիւն''։

Իր կողմէն Սիտրագ Պատրիարքը գոհունակութիւն յայտնելով Սրբազան Հօր, իրեն շնորհած այս յատուկ առիթին համար, բացայայտեց Եգիպտոսի Եկեղեցւոյ պահանջը` Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հայրենական թիկունքին, այս պատմական յատուկ ժամանակաշրջանին։ Ան ապա իր կարգին հայցեց խաղաղութիւնը ըսելով ''Թող Սուրբ Ծննդեան լոյսը ըլլայ այն Աստղը որ կը լուսաւորէ Իմ Երկրիս` սիրոյ, միութեան, հաշտութեան ու խաղաղութեան ճանապարհը։








All the contents on this site are copyrighted ©.