2013-12-09 15:03:44

Մեկնարկեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան գործարար խորհուրդի նիստը


Այսօր Երեւանի մէջ մեկնարկեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան գործարար խորհուրդի վարչութեան 47-րդ նիստը:Այս մասին կը հաղորդէ «Այսօր»-ը:
Նիստի ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, պիտի ներկայացուի ՍԾՏՀ գործարար խորհուրդի գործունէութեան հաշուետուութիւնը, գործարար խորհուրդի 2013-ի պիւտճէն, ինչպէս նաեւ 2014 – 2015 թթ. պիւտճէի կանխատեսումները, ՍԾՏՀ գործարար խորհուրդի անդամներու կողմէ տարեկան ներդրումները եւ այլն:
Նիստի ժամանակ պիտի քննարկուի առեւտուրի եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներու ՍԾՏՀ անդամ-երկիրներու միջեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան եւ փոխգործակցութեանն առնչուող առաջարկներու փաթեթը:
Հանդիպման ծիրէն ներս կը նախատեսուին տարբեր գործարար այցեր:
Նշենք, որ 25 Յունիս 1992-ին Սթամպուլի մէջ (Թուրքիա) հրաւիրած գագաթնաժողովի արդիւնքով սեւծովեան տարածաշրջանի 11 երկիրներու (Ալպանիա, Հայաստան, Ատրպէյճան, Պուլկարիա, Վրաստան, Յունաստան, Մոլտովա, Ռումանիա, Ռուսաստան, Թուրքիա, Ուքրանիա) ղեկավարներ (պետութիւններու կամ կառավարութիւններու մակարդակով) ստորագրեցին հռչակագիր Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀ) հիմնադրման մասին: ՍԾՏՀ կազմակերպութեան անդամ-երկիրներու միջեւ բազմաթիւ համաձայնագիրներ եւ յուշագիրներ ստորագրուած են, ընդունուած են կարեւոր փաստաթուղթեր:







All the contents on this site are copyrighted ©.