2013-12-09 09:51:49

Եկեղեցական Գիտելիքներ
5-րդ Շաբաթ Յիսնակաց (15 – 22 Դեկտեմբեր 2013)


RealAudioMP3 Յիսնակաց Ե. շաբաթը ներողամտութեան շաբաթն է. կիրակի օրուան Աւետարանին մէջ` Յիսուս կը խնդրէ առաքեալներէն որ ներում շնորհեն անոնց որոնք իրենց դէմ յանցանք մը կը գործեն. Ոչ թէ օրական միայն մէկ կամ երեք անգամ, ինչպէս օրէնքը կը հրամայէ, այլ նոյնիսկ 7 անգամ, 7-ը կատարելութեան թիւն ըլլալով։ Մէկ խօսքով` Յիսուս կ՛անցնի օրէնքէն անդին, բայց ոչ օրէնքէն դուրս. Յիսուս միշտ յարգած է օրէնքը, սակայն սէրը չի կրնար սահմանափակուիլ օրէնքով. Կ՛անցնի անկէ անդին եւ շատ աւելի վեր։ Նոր օրէնք մը կը ստեղծուի, սիրոյ օրէնքը որ կը գերազանցէ ամէն տեսակ օրէնսդրութիւն, քանի գիրէն վեր կը բարձրանայ եւ հոգի կու տայ։
Յիսուս նաեւ կը զգուշացնէ աշակերտները գայթակղութիւններէն եւ կ՝ըսէ. Վայ անոր որուն ձեռքով կու գան գայթակղութիւնները....
Երկուշաբթի 16 Դեկտեմբերին, տօնն է Սուրբ Իգնատիոսի։
Վկայաբանութեան մէջ` զինք կը կոչենք աստուածազգեաց հայրապետ, որովհետեւ, ըստ աւանդութեան, ինքն էր այն մանուկը զոր Յիսուս Կափառնաումի մէջ գրկեց եւ առաքեալներուն առջեւ դնելով` ըսաւ. Եթէ այս մանուկին պէս չըլլաք, չէք կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել։ Ան աշակերտած է Յովհաննէս աւետարանչին եւ Անտիոքի 3-րդ հայրապետը եղած է։ 114 թուին, Հռոմ տարուած է եւ նահատակուած` կրկէսին մէջ, գազաններու առջեւ նետուելով։ Գրած է 7 նամակներ զանազան եկեղեցիներուն ուղղուած։
Երեքշաբթի 17 Դեկտեմբերին` Նիկոմիդիայի շրջանէն` կը տօնենք Թէոպոմպաս եպիսկոպոսը, որ քաջաբար դէմ դրաւ կայսեր հրամանին, որ էր պաշտել կուռքերը։ Կանչեցին Թէովնաս կախարդը, որպէսզի զինք հմայէ եւ համոզէ որ ուրանայ քրիստոնէութիւնը, սակայն իր բարութեամբ` Թէոպոմպաս զինք դարձի բերաւ եւ երկուքը միասին նահատակուեցան։ Նոյնպէս դարձի եկան եւ նահատակուեցան եպիսկոպոսին չորս բանտապահներն ալ, որոնք էին Բասոս, Եւսեբիոս, Եւտիքէս եւ Բասիլիդէս։ Անոնց նահատակութիւնը տեղի ունեցաւ 290 թուին։
Հինգշաբթի 19 Դեկտեմբերին` տօնն է Սրբոց՝ Ադդէ Հայրապետին ու Աբգար թագաւորին։
Շաբաթ 21 Դեկտեմբերին` տօնն է Ս. Ինտոս Ներքինիի, Դոմնայ Կոյսին, Գղերիկոս քահանային եւ երկուց Բիւրուցն, որ այրեցան Նիկոմիդացւոց եկեղեցիին մէջ։ 21 Դեկտեմբերը ՜՜ձմեռնամուտ՝՝ է. իսկ հարաւային կիսագունդի համար ՜՜ամառնամուտ՝՝։
Կիրակի 22 Դեկտեմբերին Յիսնակաց Զ. կիրակին է։








All the contents on this site are copyrighted ©.