2013-12-09 10:23:51

«Սուրիա կրնայ մասնատուիլ, եթէ 2014-ին համաձայնութիւն մը չգոյանայ» զգուշացուց Հէյկ


Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ զգուշացուց, որ Սուրիա կրնայ ամբողջովին մասնատուիլ, եթէ 2014-ին համաձայնութիւն մը չգոյանայ` աւելցնելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ որեւէ կառավարութեան վերահսկողութենէն դուրս գտնուող տարածք մը կրնայ ստեղծուիլ:
Ան կոչ ուղղեց, որ 2014-ը Սուրիոյ մէջ շուրջ երեք տարիէ ի վեր ընթացող տագնապի լուծման տարին ըլլայ:
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Դանիոյ եւ Նորվեկիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնները միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով իրենց ծառայութիւնները առաջարկած են Սուրիոյ քիմիական զէնքերը երկրէն դուրս բերելու համար եւ պատրաստ են իրենց ծովուժերուն նաւերը տրամադրելու, ինչպէս նաեւ յատուկ բեռնատար նաւեր յատկացնելու:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ «Դանիա կրնայ իր վրայ վերցնել գործողութեան հրամանատարութիւնը, իսկ Նորվեկիա` օգնութիւն յատկացնել»:
Սուրիոյ քիմիական զէնքերը կը նախատեսուի Լաթաքիոյ նաւահանգիստէն դուրս բերել դէպի չէզոք ջուրեր, ուր անոնք պիտի բեռցուին ամերիկեան նաւերու վրայ` հետագայ ոչնչացման համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.