2013-12-07 13:13:45

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին խօսքը՝ ''Dignitatis Humanae - Մարդկային արժանաւորութիւն'' հաստատութեան պատուիրակութեան։


Շաբաթ, 7 դեկտեմբերին առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց ''Dignitatis Humanae - Մարդկային արժանաւորութիւն'' կոչուող՝ հաստատութեան պատուիրակութիւն մը, նախագահութեամբ՝ Կարտինալ Մարթինոյին, հաստատութեան ստեղծման 5-րդ տարեդարձին առթիւ ։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց թէ ''հաստատութիւնը կ'աշխատի զարգացնելու մարդկային արժանպատուութիւնը հիմնուած` այն հիմնական ճշմարտութեան վրայ թէ Մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն։ Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց թէ ''դժբախտաբար, յոյսերով եւ յաջողութիւններով լի այս դարուն մէջ, չեն պակսիր զօրքեր եւ իշխանութիններ որոնք կը ձգտին յառաջացնել ''լուսանցկային'' մշակոյթ մը, որ կը մտի հասարակային մտայնութիւն դառնալ եւ որուն զոհ կ'երթան ամենէն տկարները` նորածինները, աղքատներն ու հիւանդները...որոնք ենթարկուած են ''աւելորդութիւն'' մը դառնալու վտանգին։ Այս մարդու եւ ընկերութեան կեղծ նմոյշը՝ ի գործ կը դնէ անաստուածութիւն մը որ փաստօրէն կը ժխտէ Աստուծոյ խօսքը որ կ՛ըսէ` ''Մարդը ստեղծենք մեր պատկերին ու նմանութեամբ'' (Ծննդ 1, 2-6)։
Սրբազան Քահանայապետը ապա ընդգծեց թէ ''Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցումը՝ մարդու ընդհանրական տեսակէտով, որպէս անձնական եւ ընկերային էակ, ձեր կողմնացոյցն է'' ու աւելցուց ''հոն կը գտնէք Աստուծոյ ժողովուրդի երկար ուղեւորութեան, արդիկան եւ այժմէական պատմութեան հայող, յատկանշանական պտուղ՝ ''կրօնի ազատութեան եւ կեանքի բոլոր հանգրուաններուն պաշտպանութիւնը, գործի իրաւունքը եւ արբանաւայլ գործը, ընտանիքը եւ կրթութեան իրաւունքը....։
Ողջունելի են արդ ձեր ու ձեզի նման ձեռնարկները որ կը սատարեն օգնել մարդը, հասարակութիւնն ու իշխանութիւնները վերագտնելու մարդկային արժանաւորութեան բարոյական եւ ընկերային սկզբունքը որ ազատութեան եւ արդարութեան հիմքն է։ Այս ուղղութեամբ հարկաւոր է - եզրափակեց Քահանայապետը - աշխարհականներու կազմաւորումը որպէսզի Աւետարանի եւ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան համաձայն մտածեն ու գործեն։ Ան ապա խօսքը աւարտեց ''Dignitatis Humanae'' հաստատութեան մաղթելով ամէն բարիք եւ հայցելով ներկաներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն վրայ Տիրոջ Օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.