2013-12-07 13:57:42

Կիրակի 8 Դեկտեմբերին 80-րդ տարեդարձն է Սրբուհի Պերնատէթի սրբադասման։
Ով է Սրբուհի Պերնատէթ եւ ինչու Տիրամայրը երեւցաւ անոր։


Պերնատէթը՝ ֆրանսացի ջաղացպան ֆրանսուա Սուպիրու-ի եւ Լուիզ Գասթէրոյի աղջիկն էր որուն երեւցաւ Տիրամայրը ֆրանսայի Լուրտ գիւղաքաղաքին մէջ (առաջին անգամ) 1858-ի՝ 11 փետրուարին։
Ան կը ծնի ՝ 7 յունուար 1848-ին, անդրանիկը՝ վեց զաւակներու։ Համեստ ընտանիք մը, աւելի ճիշտ ճակտի քրտինքով օրուան հացը գտնող՝ ընտանիք մը։ Պերնատէթ կը յաճախէր Նէվէրի քոյրերու ազգային դպրոցը ։ Ամուր հաւատքի տէր, անոր բարութիւնն ու արդար հոգին կ՝արտացոլար իր դէմքէն։ Ան կը տառապէր շնչարգելութենէ եւ իւրաքանչիւր թոքային նոպայէն ետք կը դառնար անսպառ ու թոյլ. եւ իր այս տառապանքը վիշտ ու վախ կը պատճառէին իր մօր, ու ապա նաեւ՝ իր միաբանութեան քոյրերուն։
Տիրամայրը 18 անգամ կ՝երեւի Պերնատէթին։ Անոնցմէ մէկուն ընթացքին ( 25 Մարտին) Աւետման տօնին օրը, Տիրամայրը կը յայտնէ իր անունը . ՜՜Ես Անարատ Յղացեալն եմ սկզբնական մեղքէն՝՝։ Այդ տարիներուն՝ 1854-ին, այս երեւումներէն չորս տարիներ առաջ, երջանկայիշատակ Պիոս 9-րդ քահանայապետը Անարատ Յղութեան վարդապետութիւնը հռչակած էր, սակայն պարզ եւ համեստ ժողովուրդը, ու անոնց հետ նաեւ՝ Պերնատէթ տեղեակ չէին այս վարդապետութենէն, եւ աղջնակը ՜՜Անարատ Յղացեալ՝՝ բառին նշանակութիւնը չէր գիտեր, քանի որ լատիներէն էր... ասոր համար կը սկսի նախադասութիւնը կրկնել, ամբողջ ճանապարհին ընթացքին, եկեղեցի հասնելով քահանային կ՝ըսէ. գիտեմ տիկնոջ անունը. ՜՜Անարատ Յղացեալ սկզբնական մեղքէն՝՝։ Այն ատեն է որ քահանան կ՝ըսէ. - այո ան Ս. Կոյսն է։(այսինքն փոքրիկ պերնատէթին երեւցող տիկինը Ս. Կոյսն է...
16 Յուլիս 1858-ին Տիրամայրը հրաժեշտ կ՝առնէ Պերնատէթէն, երեկոյեան մինչ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի զանգերը կը հնչէին. յայտնելով Անարատ Յղացեալի ճշմարտութիւնը եւ հրաւիրելով հաւատացեալները ապաշխարութեան։
Նշենք թէ՝ 18 Յունուար 1862-ին, Լուրտի առաջնորդը՝ Լորանս եպիսկոպոսը, հաստատեց, վկայեց երեւումներուն մասին ։ Եւ 7 Յուլիս 1866-ին Պերնատէթ մտաւ Նէվէրի գթութեան կրօնաւորուհիներու վանքը եւ իր ուխտերը կատարեց 30 Հոկտեմբեր 1867-ին։ Մահացաւ երկար հիւանդութենէն ետք 16 Ապրիլ 1879-ին 35 տարեկանին. եւ իր մարմինը ամփոփուեցաւ վանքի գերեզմանին մէջ Աւագ Շաբաթ օրը՝ 19 Ապրիլ 1879-ին։ Երանացման դատին համար գերեզմանը երեք անգամ բացուեցաւ (1909-ին, 1919-ին եւ 1925-ին) եւ այս երեք անգամներուն մարմինը անապականած վիճակի մէջ։ Անոր մարմինը դրուեցաւ ապակիէ տապանի մէջ, ու եկեղեցւոյ մէջ յատուկ խորանի մը վրայ դրուեցաւ որպէսզի այցելուներուն մեծարանքի արժանանայ։ Լուրտի Տիրամօր տօնին օրը (11 Փետրուարը) Հիւանդի համաշխարհային օր է, քանի որ փաստուած բազմաթիւ հրաշքներ կատարուեցան այնտեղ, մինչեւ այսօր։
Երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ քահանայապետը կատարեց սրբադասման արարողութիւնը 8 դեկտեմբեր 1933-ին, (80 տարի առաջ)։
Սրբադասման 80-ամեակին առթիւ կը նախատեսուի 3500 ուխտաւորներու այցելութիւնը Լուրտի Տիրամօր սրբավայրը։ Շաբաթ օրը (7 դեկտեմբերին) Լուրտի ծխական եկեղեցիէն, հաւատացեալները ջահերով մեղեդիներով ու աղօթքներով պիտի ընթանան դէպի Յիսուսի Ս. Սրտի եկեղեցին։
Կիրակի օրը 8 դեկտեմբերի առաւօտեան (ժամը 9.30-ին) Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով պիտի ցուցադրուի ՜՜Լուրտ՝՝ հեռուստաալիքով։ Նաեւ՝ յետմիջօրէի վարդարանի աղօթքները զանազան լեզուներով եւ Ս. Հաղորդութեան երկիրպագութիւնը պիտի պատկերասփռուի ՜՜Լուրտ՝՝ հեռուստակայանէն, TV 2000 հեռուստակայանէն, եւ ձայնասփռուի ՜՜Radio Presence՝՝ կայանէն։ Նշենք թէ՝ Տօնախմբութիւնները սկիզբ կ՝առնեն ուրբաթ օրը, 6 դեկտեմբերի երեկոյեան, համերգով մը որուն ընթացքին պիտի վերակոչուի սրբադասման 80-ամեակը։
Սրբուհի Պերնատէթ է եւ կը մնայ Քրիստոսի բացառիկ վկայ մը շնորհիւ իր առաքինութիւններուն. ՜՜հաւատարմութիւնը, զօրութիւնը, յարատեւութիւնը, թափանցիկութիւնը եւ անարատութիւնը...՝՝
Հակառակ ծաղրանքին ու սպառնալիքին ան միշտ հաւատարիմ էր Տիրամօր ժամադրութիւններուն.ու նաեւ հաւատարիմ իր կրօնաւորական ուխտերւն։ զօրաւոր կերպով կը դիմադրէր հակասութիւններուն եւ փորձութիւններուն... անոր յարատեւ հաւատքին շնորհիւ կրցաւ իմանալ իրեն երեւցող Տիկնոջ անունը որ է. ՜՜ Ես եմ Անարատ Յղացեալը...՝՝։ Պերնատէթ ունէր ջինջ ու անապակ նայուածք երբ կը դիտէր Տիրամայրը, նաեւ Ս Պատարագի ընթացքին, ունէր անուշ ձայն երբ կը խօսէր Անարատ Յղացեալին հետ, եւ վարդարանը աղօթելու ատեն։ Ամբողջովին ինքզինք նուիրած էր աղօթքի ու ուրիշներու ծառայութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.