Ս. Երրորդութեան
Խորհուրդը: Հրէութիւնն ու իսլամութիւնը քրիստոնէութեան հետ միասնաբար կը
դաւանին մէ՛ Աստուած, բայց կը մերժեն Աստուծոյ երեք Անձ ըլլալը, այսինքն` Ս. Երրորդութիւնը:
Քրիստոնեայ կրօնին համար` Աստուած ո՛չ միայն մէ՛կ Աստուած է, այլ նաեւ երեք հաւասար անձ
է. Հայր Աստուած, Որդի Աստուած եւ Հոգի Աստուած: Երեք Անձ, բայց ո՛չ երեք Աստուած: Քրիստոնեաներուս
համար` Ս. Երրորդութեան Երկրորդ Անձը` Որդին Յիսուս, մարդացաւ` Աստուած մնալով հանդերձ: Այս
երեք Անձերուն ի պատիւ եւ Ս. Երրորդութեան իբրեւ դաւանանք` քրիստոնեաները իրենք զիրենք
կը խաչակնքեն, ըսելով.- Յանուն Հօր, եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ:
Ս. Եկեղեցիին
Խորհուրդը: Ս. Եկեղեցին շարունակութիւնն է Քրիստոսի մարմնացեալ Անձին, Անոր վարդապետութեան
եւ փրկչագործ առաքելութեան: Ս. Եկեղեցին ժառանգորդն ու գործադիրն է Քրիստո- սի քարոզած
կրօնին: Ս. Եկեղեցին ընդհանրական է, այսինքն` ամբողջ մարդկութեան համար է: Քրիստոնեայ
Կրօնին Յաղթութեան Պատճառները Քրիստոնեայ
կրօնին գերազանցութիւնը եւ իր բարոյական վսեմութիւնը, բաղդատած միւս կրօններու, մէծ դժուարութիւն
պատճառեց եւ դժուարընդունելի կրօն մը նկատուեցաւ իր ժամանակակից ժողովուրդներուն կողմէ:
Կրօնին դժուար հասկանալիութեան` աւելցուցէ՛ք զայն քարոզողներուն հանգամանքը: Արդարեւ
անոր առաջին քարոզիչ առաքեալնները հասարակ ձկնորսներ էին, որոնք Քրիստոսը քարզել սկսան
ո՛չ թէ Ափրիկէի ցեղախումբերուն, այլ իրենց շրջանի ու ժամա-նակի ամենազարգացած եւ ամենաքաղաքակիրթ
ժողովուրդներուն. Յոյներուն եւ հռոմայեցիներուն: Մէկ խոսքով` քրիստոնէութիւնը իր դէմ
ունեցաւ իր ժամանակի աշխարհի հզօրագոյն պետութիւնը` մշակոյթով եւ իր բանակներու զօրութեամբ.
Հռոմէական կայսրութիւնը: Եւ սակայն իր անմատչելի Խորհուրդներով այս խիստ կրօնը նուաճեց
հռոմէական հզօր աշխարհը: Քրիստոնէութիւնը իր առաջին երեք դարերուն ընթացքին` անհաւասար
գօտեմարտ մը մղելէ ետք ընդդէմ հեթանոս աստուածներուն եւ այլասերած բարքերունվե որոնք
այդ ժողովուրդներուն մէջ դարերէ ի վեր արմատացած էին, ան ի վերջոյ բոլորին դէմ յաղթանակեց
ու դարձաւ կայսերական կրօն: Արդ ի՞նչպէս բացատրել կամ ի՞նչ բանի վերագրել քրիստոնէութեան
այս հրաշալի յաղթանակը: Եթէ մէկ կողմէն` կարգ մը մարդկային ազդակներ նպաստեցին քրիստոնէութեան
տարածումին կամ յաջողութեան, սակայն միւս կողմէ վեր՛ եղաւ նաեւ գերմարդկային տուալները,
որոնց յաջողութիւնը մարդկօրէն անբցատրելի կը մնայ:
1_ Մարդկային նպաստաւոր ազդակները:
ա) Հրեայ սփիւռքի մը գոյութիւնը: Հրեայ գաղութները, որոնք հռոմէական բազմաթիւ գաղութներուն
մէջ կայք հաստատած էին, միջերգրական աւազանէն սկսեալ, իբր բնական խարիս- խներ ծառայեցին
առաքեալներուն առաջն քարոզութիւններուն: Առաքեալները հրեայ ըլլալով, նախ եւ առաջ հրեաներուն
գացին: Սակայն պէտք է ընդունիլ նաեւ թէ առաջին ու գլխաւոր հակառա-կորդներն ալ այդ նո՛յն
հրեայ գաղութներն եղան, ինչպէս կը կը կարդանք Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ, որ պատմութիւնն
է Եկեղեցւոյ առաջին քայլերուն: բ) Հռոմէական կայսրութիւնը- Քրիստոնէութիւնը աշխարհագրականօրէն
ծնունդ առաւ միջերկրա-կանին շուրջ, իսկ քաղաքականօրէն ծաւալեցաւ հռոմէական կայսրութեան
ծոցին մէջ, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Հայաստանը` այդ շրջանին: (Քաղուած` Անդրանիկ
Վրդ. Կռանեանի գիրքէն)