2013-12-07 12:28:34

''Ի՞նչու Աղքատութիւնը'' լուսանկարներու ցուցահանդէս Ռատիօ Վատիկանի մէջ։


Նախաձեռնութեամբ Ռատիոներու միութեան Միջազգային ընկերութեան, 2012 թուականին վերջը, տեղի ունեցած է, ''Ինչո՞ւ Աղքատութիւն'' վերատիպով ձեռնարկ մը որուն իր սատարը տուաւ նաեւ Ռատիովատիկանը։
Սոյն ձեռնարկին առիթով եւ Եկեղեցւոյ ուսուցանած վարդապետութեան լոյսին տակ, Ռատիօ Վատիկանի միջազգային կայանը յարատեւելով իր գործունէութիւնը հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը դարձնելու համար աղքատութեան ու անոր պատճառներուն հանդէպ, կապ հաստատեց ''Փրոսփէթթիվա8'' բարեսիրական հաստատութեան հետ որ ''մշակութային պատկերներու'' տարածութեամբ կը զբաղի եւ 2012-2013 տարեշրջանին Ռատիօ Վատիկանի զանազան մասնճիւղերու կայքէջէրու վրայ, յատուկ տեղ տրուեցաւ ''Փրոսփէթթիվա8'' բարեսիրական հաստատութեան հեղինակներու կողմէ լուսանկարուած աղքատներու վերաբերող՝ պատկերներուն, անոնց կից զետեղելով Քահանայապետներու աղքատութեան մասին արտասանուած խօսեր։
Որպէս վերոյիշեալ ծրագիրի եզրափակիչ ձեռնարկ երկուշաբթի 9 դեկտեմբերէն սկսեալ Ռատիոօ Վատիկանի մուտքին, պիտի ցուցադրուին ''Ինչո՞ւ աղքատութիւն'' ծրագիրի պատկերները։ Մինչ ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի չորեքշաբթի 11 դեկտեմբերի ժամը 12-ին, որուն ընթացքին խօսք պիտի առնեն, Ռատիօ Վատիկանի ընդհանուր տնօրէն, Յիսուսեան` Հայր Ֆէտէրիքօ Լոմպարտի ինչպէս նաեւ Ռատիոներու (ԷՊՈՒ) Ռատիոներու Միջազգային ընկերակցութեան փոխ նախագահ՝ Տիար Քլաուտիօ Քափփոն։







All the contents on this site are copyrighted ©.