«Անմիտ մարդ, այս գիշեր
իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեն, իսկ պատրաստածդ որո՞ւ պիտի մնայ»: Անմիտ հարուստին առակին
միջոցաւ Տէրը մեզ կը նախազգուշացնէ ընչաքաղցութեան ախտէն: Ագահութենէն է որ կը զգուշացնէ
մեզ. «Զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն, որովհետեւ մարդու կեանքը կախեալ չէ իր
ամբարած հարստութենէն» (Մատ. 12,5): Պօղոս Առաքեալ կողոսացիներուն նամակին մէջ կը հաստատէ
թէ ագահութիւնը «կռապաշտութիւն» է (Կղ. 3,5): Առակին մէջ, արձանագրուած «առատ բերք»
բառերը ցոյց կու տան որ երետասարդը ունէր իրեն անհրաժեշտ բերքը, եւ սակայն ան կը ցանկար
աւելին, աւելիին տիրանալ: Ուստի սխալ չէ հարստութիւն ունենալը, բայց սխալ է չգոհանալ
ունեցածով: Ինչ որ ուշագրաւ է նաեւ թէ առատ հարստութիւնը չկրցաւ փարատել մտահոգութիւնը
երիտասարդին, այլ աւելի մտահոգեց զինք. «ի՞նչ ընեմ» կը մտածէր, եւ կը հարցնէր ինքնիրեն:
Արդարեւ, մարդիկ որքան հարստանան, այնքան աւելի մտահոգ կը դառնան: Ուստի թող ոչ ոք կարծէ
որ եթէ հարստութեան տէր դառնայ` իր բոլոր մտահոգութիւնները պիտի փարատին: Իր բոլոր շտեմարանները
լեցուած էին բայց տակաւին գոհ չէր. աւելին կ՛ուզէր: Որքա՛ն մարդիկ կան այսօր, որոնք գոհ
չեն իրենց ունեցածով եւ որոնք աւելիին կը ցգտին: Մէկը գոհ չ՛ըլլալով իր դիրքէն` աւելի
բարձր դիրքերու կը ցանկայ հասնիլ: Ուրիշ մը որ չի բաւարարուիր իր ունեցած իրաւասութիւններով
կը փորձէ ուրիշներուն իրաւասութիւնները եւս խլել: Երրորդ մը որ իշխանութեան գլուխ կը
գտնուի` կ՛աշխատի ճզմել այլ գլուխները, որպէսզի ինք երեւի ու մնայ միակ գլուխը: Աւելի
ընդարձակելով շտեմարանները, հարուստ երիտասարդը կը կարծէր թէ մտահոգութիւններուն լուծում
բերած պիտի ըլլար: Լուծումը սակայն ընդարձակ շտեմարաններ ունենալուն մէջ չէր կայանար,
այլ Աստուծոյ վստահող, փառք տուող սիրտ ունենալուն մէջ: Գիտակցելու է ամէն մարդ թէ որքան
ընդարձակէ իր շտեմարանները այնքան աւելի մեծ կ՛ըլլայ իր հոգն ու նեղութիւնը. վախն ու
մտահոգութիւնը զինք կը կլանեն: Հարուստ երիտասարդին մեղքը կը կայանայ իր անմտութեան
մէջ: «Անմիտ» էր, որովհետեւ «ցորենը» եւ «բերքերը», զանոնք կը դաւանէր իբրեւ իրը, ի՛ր
սեփականութիւնը: Ան խոնարհութիւնը պէտք էր ունենալ զանոնք նկատելու Աստուծոյ պարգեւը
իրեն տրուած: Իսկ իր գլխաւոր մեղքը այն էր, եւ որուն մասին ակնարկած է Քրիստոս,
թէ որոշած էր երկար տարիներ ապրիլ, եւ մոռցած էր թէ Տէրը ինքն էր մեռցնողը եւ կենդանացնողը,
գերեզման իջեցնողը եւ վեր հանողը, ինչպէս կ՛ըսէ Ա.Թագաւորութեանց գիրքը: «Հանգիստ
ըրէ, կե՛ր, խմէ՛ եւ վայելէ՛»: Այս բառերը կը պարզեն որ հարուստ երիտասարդը կ՛ապրէն լոկ
երկրաւոր կեանքին համար: Ան կորսնցուցած էր կեանքին իսկական նպատակը, որ ուտելն ու խմելը
չէ, ո՛չ ալ աշխարհը վայելելը: Ճշմարիտ նպատակը կեանքին Աստուծոյ հետ ըլլալն է, իր սիրոյն
մէջ աճիլն է: Կեանքին իսկական նպատակն է, ինչպէս կ՛ըսէ մեզի Յիսուս առակին մէջ. « Աստուծոյ
աչքին հարստանալ», որ կը նշանակէ հարստանալ առաքինութիւններով, բարի կամքով, հարստանալ
եղբայրսիրութեամբ եւ ծառայասիրութեամբ: Ամէն: