2013-12-07 12:03:29

Գամիշլիի մէջ հզօր պայթումի հետեւանքով կայ Հայ զոհ մը եւ 2 վիրաւոր


Ուրբաթ, 6 դեկտեմբերին, Գամիշլիի Ալ Թայ թաղամասի մէջ տեղի ունեցած հզօր պայթումի հետեւանքով վիրաւորուած են երեք հայեր, որոնցմէ մէկը` Վագօ Թովմասեան (Վարդգես Աւետիսեան), քիչ առաջ մահացաւ։ Վիրաւորուած Խաչիկ Աբրահամեանի (Ազիզ՝ նկարիչ) եւ Գէորգ Գրիգորեանի (Նազարեան) կեանքին վտանգ չի սպառնար։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն տեղական աղբիւրները։
Վերջին տուեալներով պայթումի հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 16 մարդ, վիրաւորներու թիւը կը գերազանցէ նախապէս յայտարարուած 30-ը բայց յստակ տուեալներ չկան։







All the contents on this site are copyrighted ©.