2013-12-06 09:57:18

''Ֆրանչիսկոսին հետ Դէպի Սուրբ Ծնունդ''։ Ուրբաթ 6 դեկտեմբերին Վատիկանի մէջ սկիզբ առին` Յիսնակաց շրջանի քարոզները։


''Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի ընկերակցութեամբ դէպի Տիրոջ Սուրբ Ծնունդը'' Քահանայապետական Տան Քարոզիչը, Քափուչին Հայր Ռանիէրօ Քանդալամեսսան, այս նիւթը ընտրած է 2013-ի որպէս յիսնակաց շրջանի քարոզներուն նիւթ։
Յայտնենք որ, ամէն տարի, Սուրբ ծնունդը կանխող ուրբաթներու ընթացքին, (2013-ին 6, 13 եւ 20 դետկեմբեր), Քահանայապետական Տան ''Ռէտէմթորիս Մաթէր'' Մատրան մէջ, տեղի կ՛ունենան, Քահանայապետի ներկայութեամբ, Սուրբ Ծննդեան պատրաստութեան շրջանի խորհրդածութիւններ զոր կը կատարէ Քահանայապետական Տան Քարոզիչը` Հայր Ռանիէրօ Քանդալամեսսան։
2013-ի երեք խորհրդածութիւններու ընթացքին, Հայր Քանդալամեսսան կը խօսի ''Ասիզացիի Ֆրանչիսկոսը եւ Եկեղեցւոյ վերանորոգումը սրբութեան ճանապարհով'' նիւթին մասին, ապա ''Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի հեզութիւնն ու Աւետարանի եղբայրութեան եւ խաղաղութեան ճանապարհը'' նիւթին մասին հուսկ` ''Քրիստոսի եւ Ֆրանչիսկոսի աղքատութիւնը'' նիւթին մասին։ Վերոյիշեալ խորհրդածութիւններուն հրաւիրուած են մասնակցելու Կարտինալական դասը, Արքեպիսկոպոսները, Եպիսկոպոսները, Վատիկանի Ժողովներու քարտուղարները, եւ Հռոմի Քուրիայի կղերական դասը ինչպէս նաեւ Քահանայապետական միաբանութիւններու մեծաւորները։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այցը Ասսիզի եւ յառաջիկայ Համաշխարհային խախաղութեան օրուայ պատգամի նիւթը ''եղբայրութիւնը խաղաղութեան հիմք ու ճանապարհ'', առիթ կը ներկայացնեն խորհրդածելու թէ ի՞նչ կրնայ ըսել այսօրուայ Եկեղեցւոյ Ասսիզացիի աղքատիկ Սուրբը'- ըսած է Հայր Քանդալամեսսան։








All the contents on this site are copyrighted ©.