2013-12-06 09:58:29

Ոչ եւս է Նելսոն Մանտելան։ Հարաւափրիկեան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիկոպոները
''Կը պատուենք Նելսոն Մանտելան պայքարելով անոր իտէալներուն համար''։


Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 5-ին երեկոյեան ժամը 20:50-ին, Հարաւափրիկեան
Հանրապետութեան նախկին նախագահ Նելսոն Մանտելան.95-րդ տարեկանին կեանքէն հեռացաւ, , յայտարարած է Հարաւափրիկեան Հանրապետութեան նախագահ Ճեյքըփ Զումը:Ըսելով՝ Մեր ազգը կորսնցուց իր մեծ որդին»,-
Զումայի կարգադրութեամբ` Մանտելան կը թաղուի պետական պատիւներով:եւ այդ օրը, Հարաւափրիկեան Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին կը կը խոնարհուին դրօշները:Մանտելա ,Ապարտէիտի օրօք 27-ամեայ բանտարկութեան ընթացքին ան հիւանդացած էր թուպերքուլեոզով, ան տեղափոխուած էր Յունիս 8-ին թոքի վարակի սրման պատճառով: Սեպտեմբեր 1-ին Մանտելա դուրս եկաւ հիւանդանոցէն:
Հարիւրաւոր մարդիկ ծաղիկներով հաւաքուած են Եոհանեսպուրկի մօտ Նելսոն Մանտելայի տան դիմաց, որպէսզի յարգանքի տուրք մատուցեն իրենց ազգային հերոսին:
ՀԱԿ-ի վախճանած առաջին սեւամորթ նախագահի ընտանիքը մտադիր է զայն թաղել Արեւմտեան Քէյպի նահանգի Կունու քաղաքին մէջ` հանգուցեալ երեխաներու կողքին:
Նշենք, թէ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մուն անուանած է «արդարութեան սիւն» եւ մարդկութեան համար ոգեշնչման աղբիւր դէպի ազատութիւն ու հաւասարութիւն անոր ձգտման մէջ:
ԱՄՆ-ի նախագահ Պարաք Օպաման, Սպիտակ տան մէջ ելոյթ ունենալով Մանտելայի մահուան առիթով, վստահութիւն յայտնած է, որ անոր կեանքը օրինակ պիտի ծառայէ ամբողջ աշխարհի մէջ քաղաքական գործիչներու եւ հասարակ մարդոց բազմաթիւ սերունդներու համար, որոնց համար թանկ են ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան իտէալները:Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քեմերոն յայտարարած է, որ վախճանուած Մանտելան մեր ժամանակի հերոսն էր: «Աշխարհի մէջ մարեցաւ մեծ լոյսը,- գրած է Քեմերոնը Twitter-ի իր պաշտօնական պլոքին մէջ:- Նելսոն Մանտելան մեր ժամանակի հերոսն էր: Ես խնդրած եմ, որ Մեծ Բրիտանիոյ նախարարներու նստավայրին վրայ խոնարհուի բրիտանական դրօշը»:
Գերմանիոյ կանցլեր Անկելա Մերքել նշած է, որ իր երկիրը հարաւափրիկեան ժողովուրդին հետ միասին կը սգայ Նելսոն Մանտելայի մահը:
Իսկ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ Նելսոն Մանտելան անուանած է «մեծ մարտիկ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.