2013-12-06 11:56:36

Կարտինալ Քիւրտ Քոխի այցելութիւնը Ռումանիա։ Հանդիպում Օրթոտոքս Պատրիարքին հետ։


Եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` կարտինալ Քիւրտ Քոխ, դեկտեմբեր 3-7, այցելութիւն կը կատարէ Ռումանիոյ կաթողիկէ թէ օրթոտոքս եկեղեցւոյ։
Դեկտեմբեր 4-ին Ան տեսակցութիւն ունեցաւ Ռումանիոյ օրթոտոքս պատրիարք` գերերջանիկ Դանիէլին հետ։ Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ բերած սատարին կրթաթոշակ յատկացնելով աստուածաբանութեան ուսանողներուն եւ օրթոտոքս հաւատացեալներուն տրամադրելով կաթողիկէ եկեղեցիներ Եւրոպայի զանազան թեմերուն մէջ։
Պատրաիրքը նաեւ ընդգծեց հարկաւորութիւնը բարի վկայութեան որպէսզի մարդիկը հաւատան։ Հուսկ ընդգծեց աստուածաբանական երկխօսութեան միջոցաւ եկեղեցւոյ միութեան ի խնդիր աշխատելու կարեւորութիւնը։
Կարտինալ Քոխ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Ռումանիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ բերած սատարին օրթոտոքս-կաթողիկէ աստուածանբանական երկխօսութեան խառն յանձնախումբի աշխատանքներուն։ ''Մեր մեծագոյն ուրախութիւնն է հասնիլ կատարեալ միութեան ու միասնաբար պատարագ մատուցանել ու ճաշակել Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը'' - ըսաի Կարտինալ Քոխ։
Յայտնենք որ Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը, իր կեցութեան ընթացքին, այցելութիւն կը կատարէ Պլաժ եւ Գլուժ-Նաբոգա թեմերուն։ Իսկ մայրաքաղաքին մէջ կարտինալը տեսակցութիւն կ'ունենայ յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն ու քահանաներուն հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.