2013-12-06 10:04:33

Թուրքիոյ մէջ Հայ ընտանիքը շահած է իր երեխաները հայկական դպրոց ուղարկելու դատը։


Թուրքիոյ մէջ բնակող եւ վերջերս քրիստոնէական հայկական ինքնութեան մկրտուելով վերադարձած հայ ընտանիքը դատարանով կրցած է իր երեխաները հայկական դպրոց ուղարկելու իրաւունքը ստանալ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէփրես»-ը` վկայակոչելով հայկական «Ակօս» պարբերականը, երեխան նախապէս չէին արձանագրեր հայկական դպրոց` պատճառաբանելով, որ ան մահմեդական է:
Դատարանը երեխան հայկական դպրոց յաճախելու թոյլտուութիւն տուած է, երբ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը յատուկ գրութիւն մը ուղարկած է` ապացուցելով, որ երեխային ծնողքը հայ է, եւ զայն դպրոց չընդունելու համար հիմքեր չկան: Ընտանիքին փաստաբան Իսմայիլ Ճեմ Հաւաւուրթը նշած է, որ դատարանի ընդունած այս որոշումին շնորհիւ իր պաշտպանեալին երեխաները կրնան յաճախել հայկական դպրոց:
«Այս որոշումը կրնայ նախադէպ դառնալ միւս աշակերտներուն համար, որոնք կը ցանկանան հայկական դպրոց յաճախել»,- ըսած է փաստաբանը` նշելով, որ դպրոցներու մէջ ազգութեամբ արձանագրելը այլեւս կրելի ինքզինք չարդարացներ: Ան յայտնած է, որ իրենք պիտի շարունակեն իրաւական պայքար մղել Հայոց ցեղասպանութենէն ետք գործի դրուած խտրական մեքանիզմը վերացնելու համար:
Սթամպուլի կրթութեան տնօրինութեան գրութիւն մը բացայայտած էր ազգութեամբ հայ քաղաքացիներու ինքնութեան (ծննդեան) վկայականներուն մէջ գաղտնի` «2» ծածկագիր դրուելուն փաստը: Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան Սթամպուլ քաղաքի բաժանմունքի տնօրէնի օգնականներէն մէկուն ստորագրութեամբ պաշտօնական գրութեան մէջ կ’ըսուի, որ 1923-էն ետք Լոզանի պայմանագիրով փոքրամասնութիւն ճանչցուած ազգութեան քաղաքացիներու ինքնութեան վկայականներուն մէջ պէտք է նշուած ըլլայ գաղտնի ծածկագիր, որ յոյներուն համար սահմանուած է «1», հայերուն համար`«2», հրեաներուն համար`«3» թիւը:
Ատիկա պարզուած էր, երբ ծագումով հայ կին մը, որ վերջերս վերադարձած էր իր արմատներուն` ընդունելով քրիստոնէութիւնը եւ մկրտուելով հայկական եկեղեցւոյ մէջ, որոշած էր իր որդին ուղարկել հայկական դպրոց: Կինը իր ինքնութեան վկայականին մէջ սահմանուած կարգով փոխած էր կրօնի մասին գրառումը: Սակայն, երեխային հօր վկայականին մէջ կրօնը նշուած էր «մահմետական»: Հայկական դպրոցի տնօրինութիւնը երեխային դպրոց ընդունելու համար անոնցմէ պահանջած էր գրութիւն բերել Սթամպուլի կրթութեան տնօրինութենէն, ուր պէտք է պաշտօնապէս նշուած ըլլար, որ այդ երեխան հայկական դպրոց ընդունելու որեւէ խոչընդոտ չկայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.