2013-12-06 11:33:57

Զրոյց քառասունութերորդ–Գլուխ Ա.­Աստուած եւ ծէսը


Հարցում թիւ 170. Ո՞րն է սկզբնական աղբիւրը ծէսին։
Ծէսի ամենահարազատ աղբիւրը Աստուած ինքն է, որովհետեւ հոն է որ տեղի կ՛ունենայ յաւիտենական եւ երկնային տօնակատարութիւնը սիրոյ ­ Հօր Որդւոյն եւ Սուրբ Հոգւոյն ուրախութիւնը։ Քանի որ Աստուած սէր է, ան պիտի փափաքէր մեզ մասնակից դարձնել իր ուրախութեան տօնին եւ մեզի նուիրել իր օրհնութիւնը։
Այս երկրի վրայ, ծիսակատարութիւնները հարկ է որ ըլլան տօներ, լի գեղեցկութեամբ եւ կորովով. Տօներ Հօր` որ մեզ ստեղծեց ­ որմէ յառաջ կու գայ կարեւոր դերը հողի պարգեւներուն, որոնք են` հացը, գինին, ձէթը եւ լոյսը, խունկի ծուէնները, սրբազան երաժշտութիւնը եւ գեղեցիկ գոյները։ Տօներ Որդւոյն` որ մեզ փրկեց ­ հրճուանքի մէջ ենք մեր փրկութեան համար, շունչ կ՛առնենք երբ կը լսենք Խօսքը, կը զօրանանք երբ կը ճաշակենք սուրբ հաղորդութեան ընծաները։ Տօներ Սուրբ Հոգւոյն որ կ՛ապրի մեր մէջ ­ որմէ կը բխի գեր­առատութիւնը մխիթարութեան, գիտութեան, զօրակցութեան, ուժի եւ օրհնութեան, որ կը գոյանայ քրիստոնէական հաւաքոյթներու ընդմէջէն։

Հարցում թիւ 171. Ի՞նչ է իւրաքանչիւր ծէսի յատկութիւնը։
Սուրբ Պատարագի ծիսակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ ամէն ծիսակատարում, զատկական փոքր տօն մըն է. Յիսուս մեզի հետ կը տօնէ իր անցքը մահուընէ դէպի կեանք եւ կը բանայ մեր առջեւ նոյն անցքը։
Ծիսական անմենակարեւոր դէպքը որ տեղի ունեցած է երկրի վրայ այն Զատիկն է զոր Յիսուս կատարեց իր աշակերտներուն հետ, իր մահուան նախօրեակին, երեկոյեան վերջին ընթրիքի ընթացքին։ Աշակերտները կը կարծէին թէ Յիսուս կ՛ուզէր տօնակատարել Իսրայէլի ազատագրումը Եգիպտոսէն։ Սակայն Յիսուս տօնախմբեց բոլոր մարդկութեան ազատագրումը մահուան իշխանութենէն։ Եգիպտոսի մէջ` գառնուկի արիւնն է որ, այդ ժամանակ, պահպանեց Հրէաները մահուընէ։ Ասկէ ետք` Յիսուս ինքն է որ պիտի դառնայ այդ գառնուկը, որուն արիւնը կ՛ազատէ մարդկութիւնը մահուընէ։ Յիսուսի մահը եւ յարութիւնը փաստն են որ կարելի է մեռնիլ, եւ սակայն ստանալ Կեանքը։ Այս է իսկական պարունակութիւնը ամէն քրիստոնէական ծիսակատարութեան։ Յիսուս ինքնին բաղդատեց իր մահն ու յարութիւնը Իսրայէլի ազատագրումին Եգիպտոսի գերութենէն։ Զատկական Խորհուրդ արտայայտութեամբ, ցոյց կու տանք փրկարար ներգործութիւնը Յիսուսի մահուան եւ յարութեան։ Նմանութեամբ գառնուկի արեան որ ազատեց կեանքեր երբ Հրէաները Եգիպտոսէն դուրս ելան (Ելից 12), Յիսուս իսկական զատկական Գառնուկն է, որ ազատեց մարդկութիւնը մահուան եւ մեղքի իշխանութենէն։

Հարցում թիւ 172. Քանի՞ խորհուրդ կայ եւ ինչպէ՞ս կը կոչուին։
Եկեղեցին կ՛ընդունի 7 խորհուրդներ, որոնք են. Մկրտութիւն, Դրոշմ, Ս. Հաղորդութիւն, Ապաշխարութիւն, Հիւանդաց օծում, Քահանայական կարգը եւ Պսակը։

Հարցում թիւ 173. Ինչու՞ պէտք ունինք խորհուրդներուն։
Պէտք ունինք խորհուրդներուն, որպէսզի կարենանք գերազանցել մարդկային բարդ կեանքը եւ դառնալ, Յիսուսի շնորհիւ` նման Յիսուսին, այսինքն Աստուծոյ զաւակներ, ազատութեան եւ փառքի մէջ։
Մկրտութեամբ` մարդկային էակը որ խոցելի էր Չարի իշխանութեան կողմէ, կը դառնայ մանուկ մը, որ պաշտպանուած է Աստուծմէ. Դրոշմի խորհուրդով` անձը որ կը տատամսէր կը դառնայ հաստատուն. Ապաշխարութեամբ` յանցաւորը կը հաշտուի. Սուրբ Հաղորդութեամբ` անօթի եղողները կը դառնան հաց` ուրիշներուն. Սուրբ Պսակով, ինչպէս նաեւ Քահանայական Կարգով` միայնակեացները կ՛ըլլան ծառաներ սիրոյ. Հիւանդաց Օծումով` յուսահատները վստահութիւն կը ստանան։ Բոլոր խորհուրդներուն մէջ` Քրիստոս ինքն է որ Խորհուրդն է։ Լքելով մեր անձնակեդրոն կեցուածքը, կ՛աճինք Իր մէջը, դէպի իսկական կեանքը որ անվերջ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.