2013-12-06 11:53:38

Զրոյց յիսունվեցերորդ – Ներմուծման խորհուրդները – 3
ԴՐՈՇՄԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ


Հարցում թիւ 203. Ի՞նչ է Դրոշմը։
Դրոշմը այն խորհուրդն է որ կը կատարելագործէ Մկրտութիւնը, որուն միջոցաւ կ՛ընդունինք Սուրբ Հոգին։ Այն անձը որ կը կատարէ ազատ ընտրութիւնը ապրելու որպէս Աստուծոյ զաւակը, եւ որ խնդրանք կը ներկայացնէ ընդունելու Աստուծոյ Հոգին` ձեռնադրութեան եւ Սուրբ Միւռոնի օծման նշաններով, կը ստանայ յատուկ զօրութիւն մը վկայելու համար, խօսքով եւ գործով, Աստուծոյ սիրոյն եւ զօրութեան մասին։ Կը դառնայ այնուհետեւ ամբողջական եւ պատասխանատու անդամ Եկեղեցւոյն։
Երբ մարզիչ մը կ՛ուղարկէ ֆութպոլ խաղացող մը դէպի դաշտ, իր ձեռքը կը դնէ անոր ուսին վրայ եւ կու տայ իր ցուցմունքները։ Այս պատկերով կարող ենք հասկնալ դրոշմը. Մեր գլխուն վրայ կը դնեն իրենց ձեռքերը եւ կը մտնենք կեանքի դաշտին մէջ։ Շնորհիւ Սուրբ Հոգւոյն, գիտենք թէ ինչ պէտք է ընենք. Ան կ՛արթնցնէ շահագրգռութիւնը մեր բոլոր էութեան մէջ եւ ինչ որ խնդրէ մեզմէ` կը հնչէ մեր ականջներուն մէջ. Կը զգանք իր օժանդակութիւնը. Հարկ է որ ի թերեւ չհանենք այն վստահութիւնը որ դրած է մեր վրայ եւ մրցումը դարձնենք իրեն ի նպաստ։ Կը բաւէ միայն կամենալ եւ իրեն մտիկ ընել։

Հարցում թիւ 204. Ի՞նչ կ՛ըսէ Սուրբ Գիրքը Դրոշմի խորհուրդի մասին։
Հին Կտակարանին մէջ արդէն` Աստուծոյ ժողովուրդը կը սպասէր հեղման ու գալստեան Սուրբ Հոգւոյն` Մեսիային վրայ։ Յիսուս` իր բոլոր կեանքի ընթացքին, ապրեցաւ սէրն ու կատարեալ միութիւնը իր երկնաւոր Հօր հետ, յատկապէս Հոգւոյն միջոցաւ։ Յիսուսի այս Հոգին` ՙՍուրբ Հոգին՚ էր, որուն կը սպասէր Իսրայէլի ժողովուրդը. Նոյն այդ Հոգին է որ Յիսուս խոստացաւ իր աշակերտներուն, նոյն Հոգին որ իջաւ իրենց վրայ Զատկէն յիսուն օր ետք, Պենտեկոստէի օրը։ Դարձեալ Յիսուսի այդ նոյն Սուրբ Հոգին է որ կ՛իջնէ ամէն անոնց վրայ որոնք կ՛ընդունին Դրոշմի խորհուրդը։
Գործք Առաքելոցին մէջ, որուն գրութեան թուականը Յիսուսի մահուընէ մի քանի տասնեակ տարիներ ետք կարելի է դնել, կը տեսնենք արդէն Պետրոս եւ Յովհաննէս Առաքեալները ՙդրոշմի շրջապտոյտի՚ մէջ. Երկուքն ալ իրենց ձեռքերը կը դնեն նոր քրիստոնեաներու գլխուն վրայ, որով անոնք միայն մկրտուած էին Յիսուսի անունով, որպէսզի անոնց սրտերը լեցուէին Սուրբ Հոգիով։

Հարցում թիւ 205. Ի՞նչ կը կատարուի Դրոշմի ժամանակ։
Դրոշմի ժամանակ` մկրտուած քրիստոնեան կը դրոշմուի անջնջելի կնիքով մը, զոր կարելի է ստանալ միայն մէկ անգամ, եւ որ կը կնքէ այդ անձը որպէս քրիստոնեայ առ յաւէտ։ Սուրբ Հոգւոյ պարգեւը վերին զօրութիւնն է որ թոյլ կու տայ քրիսդոնեային կատարելագործելու մկրտութեան շնորհքը իր կեանքի ընթացքին, եւ ըլլալու վկան Քրիստոսի։
Դրոշմուիլ կը նշանակէ Աստուծոյ հետ համաձայնագիր մը կնքել։ Դրոշմուողը կ՛ըսէ. ՙԱյո, կը հաւատամ քեզի Աստուած իմ, տուր ինծի քու Հոգիդ որպէսզի բոլորովին քեզի պատկանիմ, քեզմէ բնաւ չի բաժնուիմ եւ հանդիսանամ քու վկադ իմ բոլոր կեանքիս ընթացքին, բոլոր հոգիովս եւ բոլոր սրտովս, գործով ու խօսքով, լաւ եւ գէշ օրերու ընթացքին։՚ Եւ Աստուած կ՛ըսէ. ՙԵս ալ կը հաւատամ քեզի զաւակս եւ քեզի պիտի տամ իմ Հոգիս, այո, պիտի տամ ինքզինքս. Բոլորովին քեզի պիտի պատկանիմ եւ քեզմէ բնաւ պիտի չհեռանամ այս երկրի վրայ եւ յաւիտենական կեանքին մէջ։ պիտի բնակիմ քու մարմնիդ եւ հոգիիդ մէջ, պիտի ըլլամ քու գործերուդ եւ խօսքերուդ մէջ։ Նոյնիսկ եթէ զիս մոռնաս, ես քու մէջդ ներկայ պիտի ըլլամ, լաւ թէ գէշ օրերու ընթաքին։՚

Հարցում թիւ 206. Ո՞վ ատակ է դրոշմուելու եւ ի՞նչ կը պահանջուի անկէ որ զայն կը խնդրէ։
Ամէն քրիստոնեայ, յետ ստանալու մկրտութիւնը եւ ՙշնորհքի վիճակի՚ մէջ ըլլալու, արտօնութիւն ունի նաեւ դրոշմուելու։
ՙՇնորհքի վիճակի մէջ ըլլալ՚` կը նշանակէ ծանր (մահացու) մեղք գործած չըլլալ։ Ծանր մեղքը մեզ կը հեռացնէ Աստուծմէ, իսկ կարելի չէ հաշտուիլ Աստուծոյ հետ եթէ ոչ` խոստովանանքի խորհուրդին դիմելով։ Երիտասարդ քրիստոնեան որ կը պատրաստուի դրոշմն ընդունելու, կը գտնուի իր կեանքի կարեւորագոյն հանգրուաններէն մէկուն մէջ։ Ամէն ինչ հարկ է որ ընէ ըմբռնելու համար հաւատքը իր սրտով եւ խելքով. Պէտք է աղօթէ Սուրբ Հոգւոյն առանձնաբար ու նաեւ ուրիշներու հետ. Պիտի հաշտուի ինքիր հետ, իր շրջանակին հետ եւ Աստուծոյ հետ, շնորհիւ խոստովանանքին, որ թոյլ կու տայ Աստուծոյ աւելի մօտենալու, նոյնիսկ եթէ ծանր մեղք չէ գործած։

Հարցում թիւ 207. Ո՞վ կրնայ Դրոշմը տալ։
Սովորաբար Դրոշմի խորհուրդը կը մատակարարէ Եպիսկոպոսը։ (Արեւելեան ծէսերուն մէջ` նաեւ քահանան)։ Հարկ եղած պարագային` Եպիսկոպոսը կրնայ քահանայի մը շնորհել արտօնութիւնը դրոշմելու։ Իսկ մահուան վտանգին առջեւ` ամէն քահանայ կրնայ տալ դրոշմը։







All the contents on this site are copyrighted ©.