2013-12-06 11:45:16

Զրոյց յիսուներեքերորդ– Ինչպէ՞ս կը կատարենք Քրիստոսի խորհուրդները - 3


Հարցում թիւ 189. Արդեօ՞ք հարկաւոր է ծիսակատարութեան համար տեղեր ունենալ։
Իր յաղթանակի ուժով` Քրիստոս ներկայ է աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ։ Աստուծոյ պաշտամունքը, հոգւով եւ ճշմարտութեամբ, (Յովհաննէս, 4,24) այլեւս կապուած չէ յատուկ տեղի մը, որով Քրիստոս ինքն է ճշմարիտ տաճարն Աստուծոյ։ Սակայն քրիստոնեայ աշխարհին մէջ սփռուած են եկեղեցիներն ու սրբատեղիները, որովհետեւ մարդկութիւնը պէտք ունի տեսանելի վայրերու` իրար հանդիպելու համար, ինչպէս նաեւ նշաններու որոնք կը յիշեցնեն նոր իրականութիւնը։ Ամէն եկեղեցի պատկեր մըն է երկնաւոր Հօր տան, որուն կը ձգտինք ամէնքս։
Ճիշդ է որ ամէն տեղ կարելի է աղօթել, անտառին մէջ, ծովեզերքը, անկողնին մէջ… սակայն մենք զուտ հոգիներ չենք. Որպէս մարդկային էակներ, ունինք մարմին, հարկ է որ տեսնենք զիրար, լսենք իրարու, զգանք իրարու ներկայութիւնը. Պէտք ունինք շօշափելի տեղի մը որպէսզի հանդիպինք իրարու, կազմելու համար միասին Յիսուսի Մարմինը. Հարկ է որ ծնրադրենք, պաշտելու համար զԱստուած. Պէտք է ուտենք սրբագործուած մարմինը հոն ուր մեզի կ՛ընծայուի. Պէտք է ճամբայ ելլենք մեր մարմնով երբ Ան մեզ կը կանչէ։ Եւ ճամբու մը եզերքին դրուած խաչքար մը մեզի կը յիշեցնէ թէ որուն կը պատկանի աշխարհը եւ թէ դէպի ուր կ՛երթանք։

Հարցում թիւ 190. Ի՞նչ է քրիստոնեայ եկեղեցին։
Քրիստոնեայ եկեղեցին խորհրդանիշն է հասարակութեան հաւաքոյթին որոշեալ տեղի մը մէջ, ինչպէս նաեւ խորհրդանիշն է երկնաւոր բնակարանին զոր Աստուած պատրաստած է մեզի համար։ Եկեղեցի կը մտնենք աղօթելու համար, թէ՛ հասարակութեամբ, թէ՛ առանձնապէս, բայց նաեւ խորհուրդները ծիսակատարելու համար, եւ յատկապէս Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը։
ՙԱյստեղ կը զգանք երկինքը՚ ­ ՙԱյստեղ լռութիւն կը պահենք եւ յարգալից ենք՚։ Շատ մը եկեղեցիներ մեզ տարրացիօրէն կը յափշտակեն իրենց անխոնջ աղօթքի մթնոլորտով։ Կը զգանք թէ Աստուած իրապէս ներկայ է։ Եկեղեցիներու գեղեցկութիւնը կը յիշեցնէ Աստուծոյ սիրոյն գեղեցկութիւնն ու մեծութիւնը։ Եկեղեցիները լոկ քարաշէն շէնքեր չեն, պատգամակիրներ մարդոց հաւատքին. Անոնք նմանապէս Աստուծոյ տուներն են, հոն ուր իրապէս Ան ներկայ է Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի միջոցաւ։

Հարցում թիւ 191. Որոր՞նք են մասնայատուկ տեղերը եկեղեցւոյ մէջ։
Հետեւեալներն են. Խորանը` խաչին հետ, տապանակը, ծէսը նախագահողի աթոռը, ամպիոնը, մկրտարանն ու խոստովանարանը։
Խորանը եկեղեցիի մը կետրոնական տեղն է. Անոր վրայ է որ կ՛իրագործուի, ամէն Սուրբ Պատարագի ընթացքին`Քրիստոսի Խաչելութեան զոհը եւ յարութեան յիշատակը։ Ան նաեւ սեղանն է որուն հրաւիրուած է Աստուծոյ ժողովուրդը։ Տապանակը` տեսակ մը պահուած գանձ է, զետեղուած եկեղեցւոյն ամէնէն նուիրական եւ տեսանելի տեղը. Ան կը պարփակէ նուիրագործուած հացը, որուն մէջ իրապէս ներկայ է Տէրը ինքնին. Սրբավայրին մէջի ճրագը ցոյց կու տայ թէ տապանակը բնակուած է, իսկ եթէ ճրագը վառած չըլլայ, կը նշանակէ թէ տապանակը պարապ է։ Գլխաւոր աթոռը (լատիներէն լեզուով` Քաթետրա) որ եպիսկոպոսին կամ վարդապետին աթոռն է, կը նշանակէ թէ իրականին մէջ` Քրիստոսն է որ կը նախագահէ հաւատացեալներու վրայ։ Ամպիոնը (որ կու գայ յունարէն Անապայնէյն բառէն, որ կը նշանակէ վրան ելլել) Աստուծոյ Խօսքին ծառայող գրակալն է, նշելու համար Սուրբ Գրային ընթերցումներու արժէքն ու մեծութիւնը, որպէս կենդանի Աստուծոյ Խօսքը։ Մկրտարանին մէջ`կը մատակարարուի Մկրտութիւնը եւ օրհնեալ ջուրի ամանը մեզ կը հրաւիրէ միշտ արթուն պահելու մկրտութեան առթիւ մեր առած յանձնառութիւնը։ Խոստովանարանը կամ որեւէ յարմար տեղ մը յատկացուած ապաշխարութեան խորհուրդին, թոյլ կու տայ խոստովանելու յանցանքները եւ ընդունելու ներումը։

Հարցում թիւ 192. Եկեղեցին կրնա՞յ արդեօք բարեփոխել կամ վերանորոգել ծէսը։
Ծէսին մէջ` տարրեր կան որոնք փոփոխելի են, իսկ ուրիշներ` ոչ։ Ամէն ինչ որ աստուածային տնօրինութեամբ է կարելի չէ փոխել. Զոր օրինակ, Յիսուսի խօսքերը Վերջին ընթրիքի առթիւ։ Ասոր առընթեր` կան տարրեր որոնք փոփոխութեան ենթակայ կրնան ըլլալ Եկեղեցւոյ կողմէ, յարմարցուած ժամանակներուն։ Քրիստոսի խորհուրդը հարկ է որ հռչակուի, կատարուի եւ ապրուի բոլոր ժամանակներուն եւ ամէն տեղ։ Ուստի հարկ է որ ծէսը համապատասխանէ ամէն մի ժողովուրդի հոգւոյն եւ մշակոյթին։
Յիսուս ազդեց մարդկային էակին ամբողջութեան վրայ, անոր հոգւոյն, խելքին, սրտին եւ կամքին վրայ։ Էապէս նոյնը կ՛ուզէ ընել այսօր, ծէսին միջոցաւ։ Այս պատճառաւ է որ ծէսը կը ներկայանայ զանազան դիմագիծներով, Ափրիկէի կամ Եւրոպայի մէջ, հոգեւոր առանձնութեան տան մը մէջ կամ Համաշխարհային Երիտասարդաց օրերու ընթացքին. Տարբեր է ժողովրդապետութիւններու եւ տարբեր` վանքերու մէջ։ Սակայն ամէն ծէսի մէջ հարկ է տեսնել ընդհանրական Եկեղեցւոյ ծիսակատարութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.