2013-12-06 10:07:07

«Մեր եկեղեցիներուն զանգերը պիտի շարունակեն ղօղանջել եւ ուրիշին լսցնել իր հանդէպ մեր սիրոյ ձայնը, ի՛նչ ալ ըլլայ անոր Կրօնը» շեշտեց Եազիժի Պատրիարքը


Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին եւ բոլոր պետութիւններուն` միջամտելու եւ ամէն ջանք ի գործ դնելու` ազատ արձակելու համար Մաալուլայի Մար Թաքլա վանքին առեւանգուած մայրապետները:
Եազիժի պատրիարքը շեշտեց, որ իմացած է, թէ առեւանգուած մայրապետները Եապրուտ փոխադրուած են:
«Մեր եկեղեցիներուն զանգերը պիտի շարունակեն ղօղանջել եւ ուրիշին լսցնել իր հանդէպ մեր սիրոյ ձայնը, ի՛նչ ալ ըլլայ անոր կրօնը», շեշտեց Եազիժի պատրիարքը:
Ան յայտնեց, որ ինք պիտի առկախէ Ծոցի երկիրներ իր կատարելիք հովուապետական այցելութիւնը, որ պիտի սկսէր այսօր, եւ պիտի վերադառնայ Դամասկոս` հետեւելու համար առեւանգուած մայրապետներուն թղթածրարին:







All the contents on this site are copyrighted ©.