2013-12-05 09:32:09

''Քարոզել Քրիստոսը Թուային դարաշրջանին մէջ'' նիւթով, Աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի 26-րդ լիանստ ժողովը.


Դեկտեմբեր 5-7, Հռոմի ''Վիլլա Աուրէլիա'' կեդրոնին մէջ տեղի կ'ունենայ Աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի 26-րդ լիանստ ժողովը. ''Քարոզել Քրիստոսը թուային դարաշրջանին մէջ'' նիւթին մասին։
Կարտինալ Սդանիզլաւ Ռիլքօ` նախագահը վերոյշեալ խորհուրդին իր բացման զեկոյցին մէջ կը խօսի ''Աւետարանի քարոզութիւնը համաշխարհայնացած աշխարհի մէջ'' նիւթին մասին, մասնաւորապէս շեշտը դնելով Եկեղեցւոյ Վարդապետութեան մասին։
Ապա ելոյթ կ՛ունենան համացանցի ուսումնասէր մասնագէտներ որոնց շարքին Յիսուսեան հայր Անթոնիօ Սբատարօ որ կը զեկուցէ ''Աւետարանացումը ցանցին մէջ'' նիւթին մասին։
Լիանիստ ժողովին երկրորդ օրը նախատեսուած են երկու կլոր սեղաններ որոնք պիտի անդրադառնան, ցանցային աշխարհի տարածման եւ այս առընչութեամբ ժամանակակից անհատի ինքնութեան մասին, ինչպէս նաեւ ցանցի` հաղորդակցութեան ծիրէն ներս, շնորհած կարելիութիւններուն։ Այս առթիւ` ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդի նախագահը գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Չելլին պիտի խօսի ''համացանցին մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան ու հեռանակրներուն մասին''։
Երրորդ օրը ժողովականներուն պիտի ներկայացուին աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի կայքէջը, տարուայ գործունէութեան հաշուեկշիռը եւ Խորհուրդի ապագայի ծրագիրները։ Լիանիստը պիտի եզրափակուի ու պսակուի ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ժողովականներուն շնորհած ունկնդրութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.