2013-12-05 09:53:08

Կայացած է Նալպանտեան-Մամետեարով հանդիպումը


Քիեւի մէջ կայացաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամատեարովի, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ժաք Ֆորի, Ճէյմս Ուորլիքի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկի հանդիպումը:
ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան հաղորդմամբ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտահին գործոց նախարարներու առանձնազրոյցէն ետք, անոնց միացած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համախագահները եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու` Նոյեմբեր 19-ին Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպման ծիրէն ներս համանախագահները շարունակած են նախարարներու հետ քննարկումները` խաղաղ կարգաւորման գործընթացը առաջ մղելու նպատակով, մտքեր փոխանակուած են հակամարտութեան գօտիին մէջ լարուածութեան նուազեցման ուղղուած հնարաւոր քայլերուն վերաբերեալ:
Նախարարները եւ համանախագահները պայմանաւորուած են յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին շարունակել հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի շուրջ յետագայ քննարկումները: Համանախագահները յայտնած են այդ նպատակով յառաջիկային տարածաշրջան այցելելու իրենց մտադրութիւնը:
ԱԳ նախարարները, ընդգծելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան` իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային ձեւաչափի կարեւորութիւն, շնորհակալութիւն յայտնած են անոնց խաղաղ կարգաւորման ուղղուած շարունակական ջանքերուն համար:










All the contents on this site are copyrighted ©.