2013-12-05 10:06:26

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի՝
Հաւատք եւ Աւետարանացում


RealAudioMP3 Ի՞նչով կը տարբերի Նոր Ուխտը հինէն:

Իսկ, Լոյս Աշխարհի(Lumen Gentium)ի, կոնդակին մէջ կը կարդանք «Քրիստոս հաստատեց այս նոր դաշինքը, այսինքն Նոր Ուխտը կանչելով հրեայ եւ բոլոր ազգերու ժողովուրդները, որ հիմնուին, ոչ մարմնեղէն միութեան մէջ, այլ հոգւով կազմելու համար Աստուծոյ ժողովուրդը(Լոյս աշխարհի,Բ9): Արդ եթէ մենք հաւատանք, կը դառնանք Աստուծոյ ժողովուրդը: Քրիստոսի հաւատացեալները «վերակենդանացան, ոչ ապականեալ սերմէ, այլ անապականեալ, որ է կենդանի Աստուծոյ խօսքը» Այսպէս կը գրէ նաեւ Պետրոս Առաքեալը իր ընդհանրական թուղթին մէջ եւ կը յիշեցնէ ըսելով «Վերածնուեցէք, ոչ թէ ապականութեան ենթակայ սերմէն, այլ անապականէ՝ Աստուծոյ կենդանի եւ մշտնջենական խօսքով»(Պետ.Ա,23): Ահա մի քանի տողերու մէջ համառօտուած բացայայտիչ ճշմարտութիւնը Նոր Կտակարանի Նոր Ուխտին, Միածին Որդիի արիւնով հաստատուած Ուխտին:
Հին Կտակարանին մէջ հաւատքի եւ հաւատարմութեան կանչողը Հայր Աստուածն է, որ կը միջամտէ մարդու կեանքին մէջ, կը հրահրէ, կ’ուղղէ եւ կ’առաջնորդէ իր ժողովուրդը օրէնքի հիման վրայ: Ընտրեալ ժողովուրդը կը հետեւի Աստուծոյ ձայնին, կը լսէ անոր հրամանները, բայց, երբեմն կը սայթաքի ու ետ կը վերադառնայ միշտ Աստուծոյ իրեն տուած օրէնքին:

Նոր Ուխտի Կտակարանը, Որդին է, որ Հօր նման կ’ընթանայ իր մեսիանական ժողովուրդին հետ, կը սորվեցնէ կը հրաւիրէ հաւատքի եւ վկայութեան: Այս ուխտը սիրոյ ու շնորհքի օրէնքն է, հիմնուած մարդու ազատութեան եւ արժանապատուութեան վրայ: Աստուծոյ Որդիի Նոր Օրէնքը հետեւորդներուն սիրոյ օրէնքն է, որ Յովաննէսի Աւետարանին մէջ կը գտնենք: Յիսուս կը խօսի իրեններուն ըսելով «Ես կու տամ ձեզի նոր պատուիրանը, որ զիրար սիրէք. Ինչպէս ես սիրեցի ձեզ, այնպէս դուք զիրար սիրեցէք: Ասով ամէնքը պիտի ճանչնան, թէ դուք իմ աշակերտներս էք, եթէ դուք սիրէք զիրար» (Յվհ.13, 34-36): Այս է նոր պահանջքը: Աստուծոյ հաւատալ սիրոյ օրէնքին հովանիին տակ: Ընտրեալ նոր ուխտի ժողովուրդը, պարտական է առնել Քրիստոսի Նոր Պատուէրը աշակերտներուն նման եւ երկիւղածութեամբ լսել հետեւեալը «Գացէք աշակերտեցէք բոլոր ազգերը, մկրտեցէք զիրենք անուամբ Հօր եւ Որդւոյ եւ Սրբոյ Հոգւոյն… եւ ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհիս կատարածը (Մատթ.28, 19-20): Արդ Հին եւ Նոր Կտակարաններուն տարբերութիւնը պարզ է. Առաջինը Օրէնքի եւ երկրորդը սիրոյ ու շնորհքի Կտակարան է: Եթէ սիրոյ եւ շնորհքի զաւակներն ենք, ապա պարտինք վկայել մեր կեանքով, բարի օրինակով, բարեպաշտութեամբ եւ հեզութեամբ, փնտռելով այն ինչ որ մեզ կը միացնէ Աստուծոյ, որպէս ընտրեալ ժողովուրդ ու հեռանալ մարդկային բոլոր սայթաքումներէն որ մեզ կարող են իրմէ բաժնել: Յիշենք միշտ հետեւեալ ճշմարտութիւնը.«Աստուծոյ նուիրեալները կը մօտեցնեն հաւատացեալները իրարու, իսկ կորստեան որդիները զանոնք կը բաժնեն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.