2013-12-05 09:47:24

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Եւ Եուհաննա Ժ. Եազիժի Պատրիարքին Միջեւ Հանդիպում


Չորեքշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Անտիոքի յոյն ուղղափառ Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Պալամանտ վանքին մէջ:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Անտիոքի յոյն ուղղափառ պատրիարքութեան միջեւ յարաբերութիւններուն առնչուած հարցեր եւ ծրագիրներ: Անդրադարձ եղաւ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ կացութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներու: Այս ծիրին մէջ, յատուկ ուշադրութեամբ անդրադարձ եղաւ յոյն եւ ասորի երկու առաջնորդներու ու վերջերս Մաալուլա շրջանէն 12 մայրապետներու առեւանգման խնդիրներուն: Խօսակցութեան ընթացքին նաեւ ակնարկ եղաւ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին եւ քրիստոնեայ համայնքներու ունեցած դերին` Սուրիոյ խաղաղութեան եւ վերականգնումի աշխատանքներուն կապակցութեամբ:
Հանդիպումի աւարտին, թէ՛ վեհափառ հայրապետը եւ թէ՛ ալ Եազիժի պատրիարքը շեշտեցին մնայուն հաղորդակցութեան մէջ ըլլալու եւ իրենց միջեւ եղող գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը, թէ՛ անձնական եւ թէ՛ ալ համայնքային մակարդակներու վրայ` դիմագրաւելու համար շրջանին մէջ եղող խնդիրները:
Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերակցէին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան ու Նորայր եպս. Աշըգեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.