2013-12-04 11:49:05

Ֆրանչիսկոս Պապի Կոչը Մաալուլայի մէջ արեւանգուած կուսաններուն ազատագրումի ի նպաստ։



Չորեքշաբթի, 4 դեկտեմբերի հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կոչ մը ուղղեց ի նպաստ Սուրիոյ` Մաալուլայի, Մար Թաքլա վանքի, զինեալ խմբակի կողմէ բռնի ուժով արեւանգուած օրթոտոքս կուսաններուն ազատագրումին, հրաւիրելով բոլոր քրիստոնեաները աղօթելու անոնց համար։
''Կը խնդեմ որ աղօթէք - ըսաւ Քահանայապետը - մեր այս քոյրերուն համար եւ Սուրիոյ հակամարտութեան ընթացքին բոլոր արեւանգուածներուն համար։ Շարունակենք աղօթել ու միասնաբար գործել խաղաղութեան ի նպաստ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.