2013-12-04 10:22:56

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը կոչ կ՛ուղղէ առեւանգուած մայրապետները ազատ արձակելու


Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստին ընէացքին երեսփոխան Ալեն Աուն մամլոյ կոչ ուղղեց բոլորին դատապարտելու այդ միջադէպը` շեշտելով, որ անիկա վտանգ մըն է, որ կը սպառնայ քրիստոնեաներուն գոյութեան եւ անոնց ապագային:
«Կոչ կ՛ուղղենք միջազգային բոլոր յարաբերութիւնները ի գործ դնելու եւ ազատ արձակելու առեւանգուած մայրապետները», եզրափակեց Ալեն Աուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.