2013-12-04 12:04:33

Պոլսոյ քրիստոնեայ ամենահին շէնքը մզկիթի կը վերածուի։


Պոլսոյ նշանաւոր ''Սդուտիոն վանատունը'' հիմնուած 454-ին, անոր վերանորոգումին աւարտին, 2014-ին, կրկին մզկիթի պիտի վերածուի։
Մահմետական բռնագրաւումէն ետք, վանատունը, բիւզանթական այլ շէնքերու շարքին, 1453-1920 թուականներուն, մզկիթի վերածուած էր։ Արդի Թուրքիոյ ստեղծումին 1923-ին, դադրած էր մզկիթ ըլլալէ։
Վերջերս Թուրքիոյ փոխ նախարարապետը հրապարակաւ բաղձանք յայտնած է որ Կ.Պոլսոյ ''Այա Սոֆիա'' տաճարը, որ թանգարանի վերածուած էր, դարձեալ մզկիթի վերածուի։
''Սդուտիոն'' վանատունը իր անունը առած է հռոմէացի ''Սդուտիուս'' հիւպատոսի անունէն եւ նուիրուած ս. Յովհաննէս Մկրտիչին։ Անիկա կը նկատուի Պոլսոյ ամենահին քրիստոնեայ կառոյցը։
Կ.Պոլսոյ անկումէն ետք, խաչակիրներու ձեռքով, 1024-ին վանատունով կողոպտուեցաւ իր սրբանկարներէն ու մասունքներէն ու աւերի մատնուեցաւ։
1293-ին Կոստանդին հնագրողէն վերակառուցուեցաւ։ 1453-ին թուրքերու Կ.Պոլիսոյ բռնագրաւումէն ետք, Սդուտիոն վանատունը իր վերջնական վախճանը գտաւ ու Եկեղեցին մզկիթի վերածուեցաւ։ 2012-ին Թուրքիոյ կառավարութիւնը որոշեց վերանորոգել եկեղեցին ու տրամադրել մահմետականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.