Ուքրանիոյ խորհրդարանին մէջ կառավարութիւնը տապալելու ընդդիմութեան փորձը ձախողեցաւ
Ուքրանիոյ ընդդիմութիւնը չյաջողեցաւ խորհրդարանին մէջ Նիքոլայ Ազարովի գլխաւորած կառավարութեան
դէմ անվստահութիւն յայտնելով զայն տապալել: Ընդդիմութեան ներկայացուցած որոշումը միայն
186 քուէ ապահովեց, երբ նուազագոյնը 226 քուէ պէտք էր ապահովէր: Մինչ այդ, վարչապետ
Ազարով խորհրդարանին առջեւ կառավարութեան եւ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի անունով ներում
հայցեց գործողութիւններուն համար «Պերքութի» մասնայատուկ ուժերուն, որոնք Եւրոպական հրապարակէն
ցուցարարները ցրուելու ընթացքին ուժ կիրարկեցին: «Ես կ՛ուզեմ ներում հայցել հրապարակին
վրայ մեր իրաւապահ մարմիններուն գործողութիւններուն համար: Կառավարութիւնը եւ նախագահը
խորապէս կը ցաւին կատարուածին համար», ըսաւ Ազարով Ռատային առջեւ իր արտասանած խօսքին
մէջ: Ընդդիմադիր Պաթքիվշչինա խմբակցութեան ղեկավար Արսէնի Եացենիուք իր կարգին յայտարարեց,
որ ընդդիմութիւնը պիտի պահանջէ Ազարովը հեռացնել պաշտօնէն: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը
հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ մերժած է իր աշխատակազմի ղեկավար Սերկէյ
Լեւոչքինի հրաժարականի դիմումը: Վերջինս հրաժարականի դիմում ներկայացուցած էր 30 նոյեմբերին
Եւրոպական հրապարակին վրայ տեղի ունեցած դէպքերէն ետք: «Ես իսկապէս շաբաթ օր դիմած
եմ հրաժարականի խնդրանքով, սակայն ատիկա մերժուած է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ անոր հիմնական
խնդիրը իրավիճակի խաղաղ կարգաւորումն է: Ըստ Լեւոչքինի, իր հրաժարականի հարցը ամենայն
հաւանականութեամբ նախագահին կողմէ պիտի քննարկուի երկրին մէջ իրավիճակի կայունացումէն
ետք: