2013-12-04 10:07:58

Միջազգային հեղինակաւոր մրցոյթին Հայկական գինիները արժանացան ոսկէ մետալներու


Մոսկուայի մէջ Խաղողի եւ գինիի միջազգային կազմակերպութեան (OIV) հերթական 17-րդ գինիի եւ ոգելից խմիչքներու մասնագիտական համտես-մրցոյթին Հայաստանի ներկայացուցած անապակ գինիներէն «Նորավանք» սպիտակը եւ «Բագրատունի» կարմիրը («Մարան» ընկերութիւն) արժանացած են ոսկէ մետալներու: Այս մասին կը տեղեկացնէ panorama.am-ը՝ վկայակոչելով «Մարան» ընկերութիւնը:
Ընդհանուր առմամբ OIV -ն տարուան ընթացքին կը կազմակերպէ 5-6 նմանատիպ մրցոյթներ, որոնցմէ մէկը Մոսկուայի մէջ: OIV-ի հովանիին տակ կազմակերպուող միջազգային մրցոյթները աշխարհի ամենահեղինակաւորներէն են, որոնց առաջնահերթութեան կարգավիճակով կը մասնացին անդամ երկիրները, բայց կը թոյլատրուի նաեւ մասնակցիլ անոնց, որոնք յետագային կրնան այս կազմակերպութեան անդամ դառնալ:
Մրցոյթին կը ներկայացուին խաղողի, մրգային եւ հատապտղային գինիներ, ինչպէս նաեւ քոնեակներ եւ նմանատիպ թունդ ալքոհոլային խմիչքներ: Այս տարուան մրցոյթ-փառատօնին ներկայացուած են գինեգործական 17 երկիրներու աւելի քան 200 նմուշ գինիներ:
Հայաստանը առայժմ ֆինանսական պատճառներով չէ անդամակցած այդ հեղինակաւոր կառոյցին, թէեւ մեր բոլոր հարեւան պետութիւնները, ինչպէս նաեւ աշխարհի հզօրագոյն գինեգործական երկիրները շատոնց այս կազմակերպութեան անդամներ են:
Հայ գինեգործներու միութեան նախագահ Աւագ Յարութիւնեանի ներկայացումով, Հայաստանի այս կազմակերպութեան չանդամակցիլը բացասաբար կ’անդրադառնայ Հայաստանի վրայ այն առումով, որ ան հեռու կը մնայ ճիւղի զարգացման միտումներէն, համագործակցութեան արտօնեալ գործընթացներէն, եւ բացի այդ՝ այս տարածաշրջանի գինիին վերաբերող «ամբողջ անցուդարձը կը կեդրոնանայ» Վրաստանի, իսկ եկող տարուընէ նոյնիսկ Ատրպէյճանի վրայ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.