2013-12-03 14:27:43

Քահանայապետական միջկրօնական երխօսութեան խորհուրդի անդամներու այցը Եգիպտոսի Ալ Ազհար Համալսարանին


Երեքշաբթի, 3 դեկտեմբերին առաւօտեան, Քահանայապետական միջկրօնական երխօսութեան խորհուրդի քարտուղար՝ Հայր Միկէլ Անկէլ Աեուսօ Կիգսոյ, ընկերակցութեամբ Եգիպտոսի մօտ Սուրբ աթոռի առաքելալան նուիրակ՝ գերապայծառ Փօլ Կոպէլի, այցելութիւն կատարեցին Եգիպտոսի Ալ Ազհար համալսարանին։
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները ընդունեցան, Մեծ Իմամի փոխանորդ՝ Տոքթոր Ապպաս Շուման, Համալսարանի երկխօսութեան խորհուրդի անդամ՝ Տոքթոր Մահմուտ Ազապ, ինչպէս նաեւ հեղինակաւոր ներկայացուցիչներու խումբ մը բաղկացած 10 անձնաւորութիւններէ։
45 վարկեան տեւող հանդիպումը կայացաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ եւ եղաւ արդիւնաբեր, որուն ընթացքին, Քահանայայետական միջկրօնական խորհուրդի քարտուղարը ներկաներուն փոխանցեց, վերոյիշեալ խորհուրդի նախագահ՝ Կարտինալ Թուրանի ձեռամբ ստորագրուած պատգամը ։
Հանդիպումը հանդիսացաւ նաեւ պատեհ վերսկսելու կողմերու միջեւ ընդհատուած երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.