2013-12-03 12:48:09

Ռաքքայի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին վերածուած Է ծայրայեղ իսլամներու գրասենեակի


Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին վերածուած է իսլամանական զինեալներու դատական գրասենեակի: Այս մասին կը վկայէ inews դիմատերտի էջին մէջ տեղադրուած նկարը, ուր կ’երեւի եկեղեցւոյ մուտքին փակցուած սեւ պաստառը, իսկ դարպասներուն մօտ պաստառներուն վրայ ընթեռնելի գրուած է` «Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն», «դատական գրասենեակ» եւ «Ռաքքայի մարզ» արտայայտութիւնները:
Ըստ Արմէնփրէս»-ի՝ Սեպտեմբերի վերջը Ռաքքա քաղաքին մէջ հայկական ոճով կառուցուած եկեղեցին թալանուած էր: Բացի հայերէն, այդ եկեղեցւոյ մէջ կ’աղօթէին նաեւ արաբ քրիստոնեաներ: Սեպտեմբեր 26-ին «Քայիտա» ահաբեկչական խմբաւորման հետ կապուած «Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն» խմբաւորման անդամները հանած են եկեղեցւոյ գմբէթին խաչը եւ փոխարէնը իրենց կազմակերպութեան սեւ դրօշը դրած են: Եկեղեցին նիւթական վնասներ կրած է: Պարզուած էր, որ թալանուած եկեղեցին հայ Կաթողիկէ Նահատակաց եկեղեցին է, որ կը գտնուի Հալէպէն 160 քմ. արեւելք գտնուող Ռաքքա քաղաքի կեդրոնական հրապարակին մօտ:








All the contents on this site are copyrighted ©.