2013-12-03 10:38:19

Ուքրանիոյ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները կը պահանջեն կառավարութեան հրաժարականը


ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ ընդդիմադիր երեք խմբակցութիւններ կը պահանջեն վարչապետ Նիքոլայ Ազարովի ղեկավարութեամբ ուքրանական կառավարութեան հրաժարականը: Այս կեցուածքը խորհրդարանին մէջ յայտարարած են Արսէնի Եացենիուք, Վիթալի Քլիչքօ եւ Օլեկ Թիակնիպոք:
«Ատիկա մեր առաջին պահանջն է: Երկրորդ պահանջը քաղաքական ճնշումներու դադրեցումն է, այսինքն` Եուլիա Թիմոշենքոյի եւ Քիեւի մէջ ցոյցերու ընթացքին ձերբակալուած երեք գործիչներու ազատ արձակումը», ըսած է «Պաթքիվշչինա» խմբակցութեան ղեկավար Արսենի Եացենիուք:
Ան մերժած է խորհրդարանի նախագահ Վլատիմիր Ռիպաքի` երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը կլոր սեղանի շուրջ քննարկելու վերաբերեալ նախաձեռնութիւնը:
«Մենք արդէն կլոր սեղանի նստած ենք, երբ համաձայնած էին ընդունիլ համարկման մասին օրէնքը», ըսած է ան: Այդ պատճառով ալ ընդդիմութեան ղեկավարները նպատակայարմար չեն նկատեր շարունակել նիստին մասնակցութիւնը: «Մենք կ՛երթանք եւրոպական հրապարակ, որովհետեւ այնտեղ շատ աշխատանք կայ կատարելիք», ըսած է ընդդիմադիր գործիչը:
Ան յայտնած է, որ մօտիկ ապագային ընդդիմադիրները պիտի հանդիպին Ուքրանիոյ մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն:
Հազարաւոր ցուցարարներ երէկ Քիեւի մէջ պաշարեցին կառավարութեան շէնքը եւ փակեցին անոր առաջնորդող ճամբաները` իբրեւ բողոք կառավարութեան Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնութիւնը ստորագրել մերժելուն դէմ: Բազմաթիւ նախարարներ չկրցան հասնիլ իրենց գրասենեակները եւ ստիպուած վերադարձան իրենց բնակարանները:
Ուքրանական կառավարութեան բանբեր Վիթալի Լուքիանինքօ յայտնեց, որ «իշխանութիւնները երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն պարտադրելու մասին չեն մտածեր»:







All the contents on this site are copyrighted ©.