2013-12-03 13:00:20

Կարտինալ Գիւրտ Գոխի այցելութիւնը Ռումանիայ։


3 - 7 դեկտեմբեր, Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարտիանալ Գիւրտ Գոխը մեկնած է Ռումանիա, մօտէն ծանօթանալու երկրին համամիութենական իրավիճակին եւ զարգացնելու համար Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Ռումանիոյ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւնները։
Իր կեցութեան ընթացքին` Կարտինալ Գոխը հանդիպում պիտի ունենայՌումանիոյ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք`գերերջանիկ Տանիէլ Տուրանդիի հետ,ինչպէս նաեւ Ռումանիոյ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ` Աւագ Արքեպիսկոպոս, Կարտինալ Լուչիան Մուրէզանի, Պուքարեսդի ի Արքեպսիկոպոս եւ Ռումանիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` գերապայծառ Եոան Ռոպուի, ու տեղական այլ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հետ։ Կարտինալ Գոխի յայտագիրը կը նախատեսէ նաեւ Պուքարեսդի Կաթողիկէ համալսարանի դասատուներուն հետ հանդիպում եւ Համամիութեան մասին բանախօսութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.