2013-12-03 11:12:49

Խոնարհ եւ հանդուրժող ըլլանք


RealAudioMP3 Վէճ մը ծագեցաւ առաքեալներուն մէջ թէ իրենցմէ ո՞վ է մեծը (Ղկ 9, 4-6):
Մարդս ծնաւ խեղճ եւ հեզ, աշխարհ մտաւ աղքատ եւ պարզ առանց ունենալու ոչ հպարտի եւ ոչ ալ խոնարհի նկարագիրը, կը մնայ անմեղ մինչեւ որոշ տարիք մը երբ կը սկսի զանազանել չարը բարիէն:
Որպէս Քրիստոնեաներ պարտական ենք Յիսուսի նմանիլ՝ իր հեզութեան եւ իր պարզութեան մէջ, ծնելէն ի վեր տուաւ մեզի հեզութեան եւ ներողամտութեան ոգին: Հոն է մեր կեանքին ամենագեղեցիկ պատկերը: Եկեղեցին ունեցաւ եւ տակաւին ունի հրաշալի անձնաւորութիւններ որոնք հեղաշրջեցին Եկեղեցւոյ պատմութիւնը իրենց հեզութեամբ:
Այսօրուայ աշխարհիս աչքերը, եւ մանաւադ լրատուութեան ցանցերը ուշադրութեան կը հրաւիրեն Ֆրանչիսկոս Սուրբ Քահանայապետին կենցաղին վրայ որ հեզութեամբ եւ խոնարհութեամբ կը ներկայանայ հանրութեան:
Եւ սակայն, մարդս կը փորձէ փնտռել առաջին կարգերը հասարակութեան մէջ իր առաջին աթոռը եւ անձնական շահը գրաւելու համար : Հպարտութեան հիւանդութիւնը հասած էր մինչեւ իսկ առաքեալներուն որոնք ունեցան վէճ մը, թէ իրենցմէ որն է ամենամեծը Յիսուս Վարդապետին դիմաց: Առաքեալներուն հիւանդութիւնը հին է՝ աշխարհի ստեղծումէն ի վեր, ինչպէս Ադամը ունեցաւ, որուն առաջարկուեցաւ իրեն եւ իր կնոջ՝ աստուածներ դառնալու համար:
Աստուած մեզ կը կանչէ մեծութեան, բայց իր հասկացողութեամբ։ Ձեր մէջ ամենափոքրը՝ ա'ն է մեծը: Պատմութեան ընթացքին, մեծ դարձան Աստուծոյ աչքերով եւ իրմով՝ հարուստ եւ առանց որեւէ բանի մը կարօտ, եւ ատով է, որ կը զգային իսկական հարստութիւնը: Այն քրիստոնեան, որ իր սրտին մէջ զԱստուած կը պահէ, պէտք չունի որեւէ բանի, ոչ դրամի ոչ հարստութեան եւ ոչ ալ փառքի: Սրբուհի Թերեզան կ'ըսէր. ամենամտերիմ բանը որ կը գտնուի մեր հոգւոյն եւ մեր էակին մէջ, այն ներքին՝ ուրախութիւնն է, որ Աստուած մեզի կը շնորհէ:
Սիրուած ենք Աստուծմէ ձրիաբար՝ առանց պայմանի, եւ ուրիշներուն հարստութեամբ՝ մենք կը հարստանանք, այդպէս Քրիստոսը դրա'ւ մեր առջեւ մանուկներու օրինակը, հասկնալու՝ կեանքին մեծութիւնը իր անմեղութեամբ եւ սիրով:
Ո՜վ Յիսուս, տուր ինծի պարզ եւ խոնարհ սիրտ մը, երախտապարտի սիրտ մը եւ հէռացուր ինծմէ անէն տեսակ հպարտութիւն եւ ինքնահաւանութիւն. Ամէն:
Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.