2013-12-03 12:16:08

Զրոյց քառասունվեցերորդ–Գլուխ Գ.­
ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ (3)


Հարցում թիւ 162. Եթէ Աստուած սէրէ, ինչպէ՞ս կրնայ դժոխքը գոյութիւն ունենալ։
Աստուած չէ որ կը դատապարտէ մարդը, այլ մարդը ինքզինք կը դատապարտէ, դրժելով Աստուծոյ ողորմած սէրը. Ինքզինք կամաւորապէս կը զրկէ (յաւիտենական) կեանքէն, մերժելով հաղորդակցութիւնը Աստուծոյ հետ։
Աստուած կը փափաքի հաղորդակցութեան մէջ մտնել նոյնիսկ մեղաւորներու ամէնէն յետինին հետ։ Կ՛ուզէ որ բոլորն ալ դարձի գան եւ փրկուին։ Սակայն Աստուած ստեղծած է մարդը ազատ, ուստի եւ կը յարգէ անոր առած որոշումները. Աստուած ինքնին չի կրնար բռնադատել մէկը սիրելու։ Ինք որ իսկական Սէրն է, ՙզինաթափ՚ կ՛ըլլայ երբ անձ մը կ՛ընտրէ դժոխքը փոխանակ երկնքին։

Հարցում թիւ 163. Ի՞նչ է Վերջին Դատաստանը։
Վերջին Դատաստանը տեղի պիտի ունենայ աշխարհի վերջը, երբ Քրիստոս դարձեալ պիտի գայ։ Անոնք որ բարիք ըրած են`պիտի յառնեն դէպի կեանք տանող յարութեան համար, իսկ անոնք որ չարիք գործած են` դէպի դատաստան տանող յարութեան համար (Յովհաննէս 5,29)։
Երբ Քրիստոս վերադառնայ աշխարհ իր փառքին մէջ, ան պիտի ցոլացնէ մեր վրայ բոլոր փայլը իր լոյսին։ Ճշմարտութիւնը պիտի երեւի յայտնապէս. Մեր մտածումները, մեր գործերը, մեր յարաբերութիւնը Աստուծոյ եւ բոլորին հետ… այս բոլորէն ոչինչ թաքուն պիտի մնայ։ Այն ատեն մենք պիտի իմանանք Ստեղծագործութեան բուն վերջնական իմաստը, պիտի հասկնանաք թէ ինչ սքանչելի միջոցներ օգտագործած է Աստուած մեզ փրկելու համար։ Պիտի գտնենք ի վերջոյ պատասխանը այդ մշտատտեւ հարցին թէ ինչու՞ չարը կրնայ այսքան ուժեղ ըլլալ, մինչ իրականութեան մէջ` Աստուած է Ամենահզօրը։ Վերջին Դատաստանը էապէս վերջնական դատաստանն է բոլորիս համար։ Այն ատեն է որ պիտի վճռուի թէ մենք յարութիւն պիտի առնենք յաւիտենական կեանքին համար թէ պիտի բաժնուինք առ յաւէտ Աստուծմէ։ Անոնք որոնք կեանքը ընտրած են, Աստուած զիրենք պիտի առաջնորդէ դարձեալ որպէս ստեղծիչ ՙնոր մարմնի մը մէջ՚ (2 Կորնթացւոց, 5,1), պիտի ապրին ցմիշտ Աստուծոյ փառքին մէջ եւ զինք պիտի պաշտեն, հոգւով եւ մարմնով։


Զրոյց քառասունվեցերորդ–Գլուխ Գ.­
ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ (3)

Հարցում թիւ 164. Ինչպէ՞ս աշխարհը իր կատարածին պիտի հասնի։
Աշխարհիս վերջը`Աստուած պիտի ստեղծէ նոր երկինք մը եւ նոր երկիր մը։ Չարը այլեւս պիտի չունենայ ոչ իշխանութիւն, ոչ ալ քաշողական ուժ։ Ընտրեալները պիտի տեսնեն զԱստուած դէմ դիմաց, նման բարեկամներու, իրենց փափաքը խաղաղութեան եւ արդարութեան պիտի լիացուի. զԱստուած տեսնելը պիտի ըլլայ իրենց երջանկութիւնը. Աստուածային Երրորդութիւնը իրենց մէջ պիտի բնակի, սրբելով ամէն արցունք իրենց աչքերէն. Մահը այլեւս գոյութիւն պիտի չունենայ, պիտի չըլլայ այլեւս ոչ սուգ, ոչ ճիչ, ոչ տառապանք։

Հարցում թիւ 165. Ինչու՞ կը փակենք մեր հաւատոյ հանգանակը Ամէն բառով։
Կը փակենք մեր հաւատքի հանգանակը ՙԱմէն՚ բառով, որ կը նշանակէ Այո, որովհետեւ Աստուած կը խնդրէ որ մենք ըլլանք հաւատքի վկաներ։ Այն որ Ամէն կ՛ըսէ կը հաստատէ բերկրութեամբ եւ ազատօրէն Աստուծոյ կատարածը, ստեղծագործութեան եւ փրկչագործութեան մէջ։
Եբրայեցերէնի մէջ` ՙԱմէն՚ բառը կու գայ բառերու ընտանիքէ մը, որոնք կը նշանակեն նմանապէս ՙհաւատք՚ ինչպէս նաեւ ՙապահովութիւն, վստահութիւն եւ հաւատարմութիւն՚։ ՙԱյն որ Ամէն կ՛ըսէ, իր ստորագրութիւնը կը դնէ՚ կ՛ըսէ Սուրբ Օգոստինոս։ Չենք կրնար արտասանել այս ՙայո՚­ն առանց տառակոյսի եթէ համոզուած չըլլանք թէ Յիսուս մեզի ցոյց տուաւ, իր մահով եւ յարութեամբ, որ ինք հաւատարիմ է եւ վստահութեան արժանի։ Ինքն է ՙայո՚­ն մարդուն` Աստուծոյ բոլոր խոստումներուն, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ վճռական ՙայո՚­ն է` մեզմէ ամէն մէկուն ուղղուած։







All the contents on this site are copyrighted ©.