2013-12-03 12:00:57

Զրոյց քառասունմէկերորդ–Գլուխ Գ.­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՆ
ՄԻԱԿ, ՍՈՒՐԲ, ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՒ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ (7)


Հարցում թիւ 143. Սրբազան Պապը իսկապէս անսխալակա՞ն է։
Այո՛. Սակայն Սրբազան Պապի խօսքը անսխալական կ՛ըլլայ միայն երբ կը յայտարարէ վարդապետութիւն մը, եկեղեցական հանդիսաւոր վճիռով մը, իր գահէն (ex-cathedra), այսինքն վերջնական որոշում մը կ՛առնէ վարդապետական հարցի մը շուրջ, որ կը հայի հաւատքին եւ բարքերուն։ Այս անսխալականութեան բնադրոշմը կրնայ նաեւ առկայ ըլլալ այն որոշումներուն մէջ որոնք կ՛առնուին Եպիսկոպոսական դասէն, Սրբազան Պապի հետ հաղորդակցութեամբ, ինչպէս զոր օրինակ Տիեզերական ժողովի մը ընթացքին։
Սրբազան Պապի անսխալականութիւնը որեւէ կապ չունի իր բարոյական անեղծութեան կամ իմացականութեան հետ։ Իրականին մէջ` Եկեղեցին է որ անսխալական է. Յիսուս խոստացաւ իրեն` Սուրբ Հոգին, որ զինք հաստատ կը պահէ եւ կ՛առաջնորդէ, որպէսզի միշտ աւելի խորապէս մուտք գործէ իր ճշմարտութեան մէջ։ Երբ հաւատքի բացայայտ ճշմարտութիւն մը յանկարծ ժխտուած է կամ ծուռ մեկնաբանուած, Եկեղեցին ունենալու է, իբրեւ դիմումնակէտ` միակ ձայն մը, որ վճռական կերպով հաստատէ թէ ինչը ճշմարիտ է եւ ինչը սխալ է։ Այս ձայնը Պապին ձայնն է։ Որպէս յսջորդը Պետրոսի, եւ առաջինը Եպիսկոպոսներուն, ինք միայն ունի իշխանութիւնը բանաձեւելու վիճաբանութեան ենթարկուած ճշմարտութիւնը, համաձայնաբար Եկեղեցւոյ հաւատքի աւանդութեանը, այնպէս որ ճշմարտութիւնը մատուցոււի հաւատացեալներուն որպէս ստուգօրէն հաւատալի, բոլոր ժամանակներու համար։ Այս պարագային կ՛ըսուի. ՙՊապը կը հռչակէ վարդապետութիւն մը՚։ Ուստի վարդապետութեան մը պարունակութիւնը չի կրնար արտայատել նորութիւն մը։ Շատ հազուագիւտ է որ նոր վարդապետութիւն մը հռչակուի. վերջինը տեղի ունեցաւ 1950­ին։

Հարցում թիւ 144. Ի՞նչ է պաշտօնը եպիսկոպոսներուն։
Եպիսկոպոսներն ունին պատասխանատուութիւնը յատուկ եկեղեցւոյ մը (կոչուած թեմ), որ իրենց յանձնուած է, ինչպէս նաեւ ընդհանուր Եկեղեցւոյ համա­պատասխանատուութիւնը։ Իրենց իշխանութիւնը կ՛իրագործեն միացած բոլոր միւս եպիսկոպոսներուն եւ ընդհանուր Եկեղեցւոյ համար, Սրբազան Պապի առաջնորդութեան տակ։
Եպիսկոպոսները նախ եւ առաջ ըլլալու են Առաքեալներ, հաւատարիմ վկաներ Յիսուսի որ զիրենք անձամբ կոչած է իր մօտ եւ ապա` զիրենք առաքած է։ Այսպէսով անոնք կը տանին Քրիստոսը մարդոց եւ կը բերեն մարդիկը` Քրիստոսի. Ասիկա տեղի կ՛ունենայ իրենց քարոզութեամբ, խորհուրդներու մատուցմամբ եւ Եկեղեցւոյ առաջնորդութեամբ։ Որպէս յաջորդ առաքեալներուն, եպիսկոպոսը իր պաշտօնը կը կատարէ շնորհիւ առաքելական իշխանութեան մը, որ յատուկ է իրեն. Սակայն ան կը գործէ հաղորդակցութեամբ Սրբազան Պապի հետ եւ անոր իշխանութեան ներքեւ։

Հարցում թիւ 145. Ինչու՞ Յիսուս կ՛ուզէ որ ըլլան քրիստոնեաներ որոնք յանձնառու ըլլան ապրելու ցմիշտ`աղքատութեան, ողջախոհութեան եւ հնազանդութեան մէջ։
Աստուած սէր է. Եւ կ՛ուզէ նաեւ մեր սէրը։ Ինքզինք սիրով Աստուծոյ նուիրելու մէկ կերպը կը կայանայ ապրելու մէջ Յիսուսի նման, ­ այսինքն` աղքատ, ողջախոհ եւ հնազանդ։ Այն որ այսպէս կ՛ապրի, ազատ կը պահէ իր գլուխը, սիրտը եւ ձեռքերը, Աստուծոյ եւ մարդոց ի սպաս։
Կան մարդիկ եւ կիներ որոնք թոյլ կուտան որ Յիսուս բոլորովին գրաւէ իրենց անձը, այն աստիճանի որ ամէն ինչ կը թողուն, երկնքի արքայութեան համար (Մատթէոս, 19, 12) ­ նոյնիսկ կը թողուն այնպիսի գեղեցիկ տուրքեր որոնք են իրենց ինչքերը, իրենց անկախութիւնը, ամուսնական սէրը։ Այն կեանքը զոր կ՛ապրին ըստ Աւետարանի տուած խորհուրդներուն, աղքատութեամբ, ողջախոհութեամբ եւ հնազանդութեամբ, ցոյց կու տայ բոլոր քրիստոնեաներուն թէ աշխարհը ամէն ինչ չէ։ Մի մայն երկնային փեսային հետ դէմ դիմաց գտնուիլն է որ մարդս վերջնականապէս երջանիկ կը դարձնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.