2013-12-03 12:04:33

Զրոյց քառասուներեքերորդ–Գլուխ Գ.­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ
ՄԵՂՔԵՐՈՒ ԹՈՂՈՒԹԵԱՆ


Հարցում թիւ 150. Եկեղեցին կրնա՞յ իրապէս թողութիւն տալ մեղքերուն։
Այո՛. Ոչ միայն Յիսուս ինքնին թողութիւն տուաւ մեղքերուն, այլ նաեւ Եկեղեցւոյ յանձնեց պաշտօնն ու իշխանութիւնը ազատելու մարդիկը իրենց մեղքերէն։
Քահանային պաշտօնավարութեամբ` Աստուած կը շնորհէ մարդոց իր ներումը եւ կը ջնջէ ամէն յանցագործութիւն, որպէս թէ երբեք յանցանք տեղի ունեցած չըլլար։ Քահանան առանձին չի կրնար իրագործել ասիկա, այլ միայն որովհետեւ Յիսուս զինք մասնակից կը դարձնէ իր աստուածային անձնական իշխանութեան` թողութիւն տալու մեղքերուն։


Զրոյց քառասուներեքերորդ–Գլուխ Գ.­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ
ՄԵՂՔԵՐՈՒ ԹՈՂՈՒԹԵԱՆ

Հարցում թիւ 151. Ինչպէ՞ս Եկեղեցին թողութիւն կու տայ մեղքերուն։
Հիմնականին մէջ` մեղքերու թողութիւնը կը շնորհուի մկրտութեան խորհուրդով. Անկէ ետք` ծանր յանցանքներու թողութեան համար, հարկ է դիմել հաշտութեան խորհուրդին (կոչուած նաեւ ապաշխարութեան խորհուրդ, կամ խոստովանանք)։ Աւելի թեթեւ յանցանքներու համար, խոստովանանքը նոյնպէս կը յանձնարարուի։ Սակայն Սուրբ Գրքերու ընթերցումը, աղօթքը, ծոմապահութիւնը եւ բարի գործերու կատարումը նոյնպէս իրենց ազդեցութիւնն ունին, ի տես մեղքերու թողութեան։

ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՄԵՌԵԼՆԵՐՈՒ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ (1)
Հարցում թիւ 152. Ինչու՞ կը հաւատանք մեռելներու յարութեան։
Կը հաւատանք մեռելներու յարութեան, որովհետեւ Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն, ան կ՛ապրի յաւիտեան եւ մեզ մասնակից կը դարձնէ յաւիտենական կեանքին։
Երբ մէկը կը մահանայ, իր մարմինը կը թաղուի կամ կը հրկիզուի. Սակայն մենք կը հաւատանք թէ նոյն այս անձին կը սպասէ կեանք մը մահուընէ ետք։ Յարուցեալ Յիսուսը ինքզինք յայտնեց որպէս տէրը մահուան. Ուստի իր խօսքը հաւատալի է երբ կ՛ըսէ. Ես եմ յարութիւնը, ով որ հաւատայ ինծի, նոյնիսկ եթէ մեռնի, պիտի ապրի (Յովհաննէս 11,25բ)։

Հարցում թիւ 153. Ինչու՞ կը հաւատանք մարմիններու յարութեան։
Սուրբ Գրքի մէջ գործածուած մարմին բառը կը մատնանշէ մարդը իր տկար եւ մահկանացու վիճակին մէջ։ Սակայն Աստուած չի նկատեր մարդկային մարմինը որպէս նուազ արժէք ունեցող բան մը։ Արդարեւ` Յիսուս­Քրիստոսի մէջ` Աստուած ինք մարմին եղաւ (մարմնացաւ) որպէսզի ազատէր մարդկութիւնը։ Ուստի Աստուած չի փրկեր միայն մարդու հոգին, այլ ամբողջ անձը, իր մարմնով եւ հոգիով։
Աստուած մեզ ստեղծած է որպէս մարմին եւ հոգի. Աշխարհի վերջը` ան պիտի չանտեսէ մարմինը, որ մաս կը կազմէ ստեղծագործումի ամբողջութեան, ինչպէս մէկդի կը նետեն հին խաղալիք մը։ Վերջին դատաստանի օրը` Աստուած մեզի յարութիւն պիտի տայ, որպէս մարմնաւոր անձերու, այսինքն կերպարանափոխուելով հանդերձ` մենք մեզ պիտի զգանք որպէս մեր ինքնութեան մէջ։ Յիսուսի համար եւս, մարմնաւոր պայմանի տակ գտնուիլը միայն անցողակի դէպք մը չեղաւ. Երբ Յարուցեալը երեւցաւ իր աշակերտներուն, անոնք տեսան անոր մարմնին վէրքերը։







All the contents on this site are copyrighted ©.