2013-12-03 14:31:01

Գաղթականներու ու փախստականներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահին խօսքը Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի ժողովին։


Ներկայիս (2-4 դեկտեմբեր) Մալթայի մէջ տեղի կ' ունենայ, Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի ժողովը` ''գաղթականներու ու փախստականներու ներկայութիւնը Եւրոպայի մէջ'' նիւթին մասին։
Խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Գերապայծառ Վելիօ` նախագահը գաղթականներու ու փախստականներու քահանայապետական խորհուրդին, զրուցելով ''գաղթականներու ու փախստականներու հովութիւնը` մարտահրաւէրներ եւ հեռանկարներ'' նիւթին մասին։
Գերապայծառը իր երկարաշունչ միջամտութեան մէջ խօսեցաւ Եւրոպա ապրող գաղթականներու ու փախստականներու հովութեան մարտահրաւէրներու ու հեռանկաներու, Եւրոպայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու համագործակցութեան, ապրումներու ու դժուարութիւններու փորձառութիւններու փոխանակումին եւ կառավարութիւններու որդեգրած գաղթականութիւններու օրէնքներուն մասին ։ Գերապայծառը ըսաւ որ գաղթականութեան առանցքը կը կազմեն բազմաթիւ այրեր ու կիներ որոնք կը փորձարկեն արտահանումի դժուարութիւններն ու անդրադարձները, զրկումներն ու արգելքները եւ յաճախ նաեւ կորուստը իրենց արժանաւորութեան։
Ներշնչուելով գաղթականութեան քահանայապետական խորհուրդի վերջին վաւերաթուղթէն. ''ընդունլ Քրիստոսը փախստականին ու արմատախիլ եղած անձերուն մէջ'', գերապայծառ Վելիօ շօշափեց գաղթականներու հայող հովութեան հինգ հիմնական սկզբունքները.
1 - Մարդկային ու քրիստոնէական արժանաւորութիւնը։
2 - Ընտանիքի կարիքը։
3 - Եղբայրօգնութիւն, զօրակցութիւն եւ խնամատարութիւն։
4 - Կոչ միջազգային համագործակցութեան։
5 - Հոգեւոր սպասարկութիւն։
Եկեղեցին պէտք է մնայ նշան յոյսի, աշխարհի մը որ արդարութիւն, ազատութիւն, զօրակցութիւն, խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն կը պահանջէ։
Գաղթականը, ըսաւ Գերապայծառը իր միջամտութիւնը եզրափակելով, ոչ միայն մեր տան դրացին է, այլ անհատ մըն է որ ունի բոլորին նման արժանաւորութիւն եւ իրաւունք։ Եբրայեցիներու թուղթին մէջ կը կարդանք. ''եղբայրսիրութիւնը թող հաստատուի ձեր մէջ։ Մի մոռնաք հիւրընկալութիւնը, որովհետեւ անոր շնորհիւ, ոմանք առանց գիտնալու, հրեշտակներ հիւրասիրեցին''։
Արդարեւ ամէն գաղթական ծնած է Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.