2013-12-02 10:40:09

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Հռոմի մէկ ժողովրդապետութեան կատարած հովուական այցելութեան ընթացքին դրոշմի խորհուրդը մատակարարած է ինը անչափահասներուն


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մէկ դեկտեմբերին դրոշմի խորհուրդը մատակարարեց ինը անչափահսներու, Հռոմի արուարձանի մէկ ժողովրդապետութեան մէջ։ Անոնց ուղղած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց զանոնք Յիսուսի հետ ընթանալու։ Հովուական այցելութիւնը ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտին մէջ անցաւ։ Սրբազան Հայրը իր արտասանած քարոզին մէջ հրաւիրեց հաւատացեալները ըլլալու Յիսուսի հետեւորդները. ''Եղէք աղօթասէր եւ յաճախ մօտեցէք ս. խորհուրդներուն'' ըսաւ Ան։
Պատարագէն առաջ Սրբազան Հայրը տեսակցութիւն ունեցաւ ժողովրդապետութեան հիւանդներուն, առաջին ս. Հաղորդութեան պատրաստուող մանուկներուն եւ այս տարուան ընթացքին կնքուած նորածիներու ծնողներուն հետ։
Իսկ 30 նոյեմբերին` տօն ս. Անդրէաս առաքեալի` պաշտպան սուրբը Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան, Սրբազան Քահանայապետը եղբայրական պատգամ մը ուղղեց Բարդողոմէոս Պատրիարքին, որով քաջալերեց Արեւմուտքի ու Արեւելքի քրիստոնեաները գործելու եկեղեցիներու միութեան ի խնդիր, որպէսզի կարողանան միասնաբար իրենց զօրակցութիւնը յայտնել յաչս այն քրիստոնեաներուն որոնք աշխարհի մէջ զոհ են խտրականութեան ու հարստահարումին։ Նորին Սրբութիւնը իր ջերմ կոչին մէջ հրաւիրեց քրիստոնեաները աշխատելու միութեան ու կրօնական ազատութեան պահպանումին ի սպաս։
Յայտնենք որ Վատիկանի պատուիրակութիւնը Պոլիս կեցութեան ընթացքին այցելեց Կ.Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարքութեան պատկան Հալքի աստուածաբանական դպրոցը որ կը գտնուի Հէյպելի կղզիի մէջ, որ 1971էն ասդին փակ կը մնայ թրքական իշխանութեան հրահանգով։








All the contents on this site are copyrighted ©.