2013-12-02 13:37:59

''Սուրբ Ծնունդի Տօնակատարութիւնը՝ միայն անցողական յիշատակ մը չէ'' ընդգծեց Քահանայապետը իր այսօրուայ քարոզին մէջ։


Երկուշաբթի 2 դեկտեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա
Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը, հրաւիրեց հաւատացեալները պատրաստուելու Սուրբ Ծննդեան տօնին՝ աղօթքով, եղբայրասիրութեամբ եւ փառաբանութեամբ։
Բանանք մեր սրտերը ընդունելու համար մեր Տէրը որ ամէն ինչ կը վերանորոգէ - ըսաւ Քահանայապետը - մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը որուն մէջ կը խօսուի Հռոմէացի հարիւրապետի մասին որ մեծ հաւատքով կը խնդրէ Յիսուսէն առողջացնէ իր հաւատարիմ ծառան։
Սրբազան Քահանայապետը յիշեցնել տուաւ, թէ այս օրերուն, նոր ուղեւորութեան ճանապարհ մը կը սկսինք՝ Եկեղեցւոյ ուղեւորուոթիւնը դէպի Սուրբ Ծննդեան տօնը։ Կը յառաջանանք հանդիպելու մեր Տիրոջ, ու յատկապէս թոյլ տալու ոը Ան հանդիպի մեզ հետ եւ ասոր համար հարկ է ունենալ բաց սիրտ մը որպէսզի կարենանք հասկնալ թէ ի՞նչ կ՛ուզէ մեզմէ եւ ի՞նչ ունի ըսելիք մեզի։ Այս ուղեւորութեան ընթացքին - ըսաւ Սրբազան Պապը - մեր վարմունքը կեդրոնանայ` յարատեւ աղօթքի, եղաբայրօգնութեան եւ Աստուած փառաւորելու մէջ։ Աղօթք, եղբայրասիրութիւնը ու Գոհաբանութիւն բաց սրտով որպէսզի Տէրը մեզի հանդիպի - եզրափակեց Քահանայապետը։







All the contents on this site are copyrighted ©.