Ուքրանիոյ մէջ ցուցարարները կը ներխուժեն Քիեւի քաղաքապետարանի շէնք
Ուքրանիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը չստորագրելու կառավարութեան
քայլէն զայրացած ցուցարարներ ներխուժեցին Քիեւի քաղաքապետարանի շէնք: Տասնեակ հազարաւոր
ցուցարարներ դէպի Քիեւի Անկախութեան հրապարակ քայլարշաւ մը կատարեցին` անտեսելով ցոյցերը
արգիլող կառավարութեան որոշումը: Անոնք կը բացագանչէին «Քիեւը մերն է»: Ցուցարարները
կառավարութեան հրաժարականն ու խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ կը պահանջեն: Նախագահ
Վիքթոր Եանուքովիչ կը յայտնէ, որ չհրաժարելու իր որոշումը ռուսական ճնշումի պատճառով
է: Ցուցարարներ նաեւ թիրախ դարձուցին քաղաքապետարանէն շուրջ մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան
վրայ գտնուող նախագահական նստավայրը: Անոնք պուլտոզըր մը գրաւելով զայն օգտագործեցին
ոստիկանութեան ապահովական գիծը ճեղքելու համար: Ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ օգտագործելով
ամբոխը ետ մղեց: Մինչ նախագահ Եանուքովիչ յայտարարեց, որ Ուքրանիա չի կրնար Ռուսիոյ
հետ իր առեւտուրը կորսնցնել, արգելափակուած ընդդիմադիր ղեկավար Եուլիա Թիմոշենքօ ուքրանացիներուն
կոչ ուղղեց «իշխանութիւններու քայլերը անպատասխան չձգելու»: Ան անցեալ երկուշաբթի օրուընէ
ի վեր այս հարցով հացադուլի դիմած է: