2013-12-02 09:33:02

Հաստատուած է Եգիպտոսի նոր սահմանադրութիւնը


«Յանձնաժողով 50»-ը, որ կոչուած է ուղղումներ կատարելու Եգիպտոսի հիմնական օրէնքին մէջ, Դեկտեմբեր 1-ի լոյս 2-ի գիշերը հաստատած է երկրի սահմանադրութեան նոր նախագիծը: Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի, յայտարարած է յանձնաժողովի ղեկավար Ամր Մուսան:
Նախագիծը կը պարունակէ 247 յօդուած, յառաջիկայ երկու օրերուն անիկա պիտի ներկայացուի Եգիպտոսի ժամանակաւոր ղեկավար Ատլի Մանսուրի հաստատման, իսկ յետոյ պիտի դրուի համաժողովրդական հանրաքուէի:
Ըստ Մուսայի, փաստաթուղթը կ’ենթադրէ, որ ընտրութիւնները երկրի մէջ պիտի անցնին հանրաքուէով սահմանադրութեան հաստատումէն վեց ամիս անց: Յանձնաժողովի անդամներուն մեծ մասը քուէարկած է սկիզբը նախագահական, յետոյ միայն խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու օգտին: Մինչ այդ Մուսան կը յայտարարէր, որ նոր սահմանադրութիւնը, եթէ անիկա ընդունուի, պիտի վերադարձնէ Եգիպտոսին անոր մեղմ ուժն ու դերը, որ վերջինս ունէր աշխարհի մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.