2013-12-02 09:40:09

Երեւանի մէջ բացուեցաւ “Միացեալ խաչ” յուշարձանը


ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան 2 դեկտեբմբերին Երեւանի մէջ ներկայ գտնուած է հայ եւ ռուս ժողովուրդներու բարեկամութեան ինքնատիպ խորհրդանիշ հանդիսացող «Միացեալ Խաչ» յուշարձանի բացման արարողութեան: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի մամուլի գրասենեակէն:
Յուշարձանը բացած են հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահներ` ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանն ու ՌԴ փոխադրամիջոցի նախարար Մաքսիմ Սոգոլովը:
Յուշարձանի նոյնատիպը, որուն պատուանդանին փորագրուած է` «Օրհնեալ է հայ եւ ռուս ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը» գրութիւնը, Մոսկուայի 850-ամեակին առիթով 1997-ին տեղադրուած է Մոսկուայի կեդրոնը` «Նիգիդեան Դարպասներ»-ու պուրակին մէջ: Յուշարձանի հեղինակային խումբի ղեկավարն է քանդակագործ Ֆրիտ Սողոյեանը, ճարտարապետները` Ռազմիկ եւ Տիգրան Մանուկեանները:
Սպիտակ եւ մոխրագոյն կրանիտէ կերտուած 4,5 մեթր բարձրութեամբ յուշարձանը տեղադրուած է Երեւանի Մոսկովեան-Նալբանդեան-Իսահակեան փողոցներու խաչմերուկին վրայ եւ կը ներկայացնէ հայ եւ ռուս կանանց, որոնք գլուխ խոնարհած են ընդհանուր հաւատի խորհրդանիշ խաչին առջեւ եւ այդ խոնարհումով միաժամանակ կը պաշտպանեն խաչը:
Յուշարձանի բացման ներկայ գտնուած են բազմաթիւ հայեր եւ ռուսեր, ներառեալ` ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի պետական այցի ծիրէն ներս արդէն իսկ Երեւան հասած պատուիրակութեան անդամներ:







All the contents on this site are copyrighted ©.